Ըմբշամարտ. Յունահռոմէական Ոճի Հաւաքականի Կազմը Հրապարակուեցաւ

Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, Ողիմպիականի ախոյեան Լեւոն Ջուլֆալակեան «Արմենպրես» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հետ իր ունեցած մէկ հարցազրոյցին ընթացքին ըսաւ, որ յառաջիկայ 22 ապրիլին Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիա մեկնող, 2012-ի Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու համար զտումի մրցումներ կատարելու իր կազմը յստակացած է: Կազմին անդամներն են Ռոման Ամոյեան (55 քկ), Ալեքսան Միքայէլեան (60 քկ), Սասուն Ղամպարեան (66 քկ), Հրաչեայ Յովհաննիսեան (84 քկ), Արթուր Ալեքսանեան (96 քկ) եւ Եուրի Պատրիկէեւ (120 քկ):

Ջուլֆալակեան ըսաւ, որ բոլոր մարզիկներն ալ շատ առողջ են եւ կը գտնուին շատ լաւ մարզական վիճակի մէջ:

«Հակառակ անոր որ անոնք ամբողջութեամբ պատրաստ են այս մրցաշարքին, սակայն անոնց արձանագրելիք արդիւնքներուն մասին ոչինչ կարելի է ըսել: Անոնք բոլորն ալ արժանի են յաղթանակի, որովհետեւ յաջողեցանք ընտրել լաւագոյնները», ընդգծեց Ջուլֆալակեան:

Նշենք, որ 74 քկ դասակարգին մէջ Արսէն Ջուլֆալակեան Լոնտոնի 2012-ի Ողիմպիականի խաղերուն իր տոմսը արդէն իսկ ապահոված է:

 

Share this Article
CATEGORIES