Քարթինկ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Կիրակի, 22 Ապրիլին` 2-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 22 ապրիլին, Փիթ-Սթոփի վազքուղիին վրայ (Զուք) տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի Քարթինկի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումը:

Անիկա պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 10:00-ին եւ պիտի աւարտի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին, որմէ ետք տեղի պիտի ունենայ մրցանակաբաշխութիւնը:

Տեղի պիտի ունենան 10-13 եւ 14-17 տարեկան դասակարգերու մրցումները:

Կազմակերպիչ ակումբը` Ա. Թէ. Սէ. Էլ. յայտարարեց, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 20 ապրիլ, յետմիջօրէի ժամը 16:30-ը:

 

Share this Article
CATEGORIES