Տեղի Ունեցած Յատուկ Մամլոյ Ասուլիսի Մը Ընթացքին Ժամմալ. «Պիտի Փորձեմ Տիրանալ Ֆորմիւլա-3-Ի Ախոյեանութեան Տիտղոսին». Ռոտրիկեզ. «Ան Այս Ախոյեանութեան Լաւագոյն Վարորդն Է»

«Արզ օթօ սփոր»-ի լիբանանցի վարորդ Նոել Ժամմալ (22 տարեկան) «Լէօ Ռուայյալ» պանդոկին մէջ (Տըպպայէ) յատուկ մամլոյ ասուլիս մը տալով պաշտօնապէս յայտարարեց Ֆորմիւլա-3-ի Եւրոպայի բաց ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը:

Բացման խօսքով ելոյթ ունենալով` լրագրող Նեժիպ Քահի ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց այս ախոյեանութեան մանրամասնութիւնները, միեւնոյն ժամանակ ալ յիշեցնելով, որ Ժամմալ 2010-ին հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան:

Խումբին թեքնիք տնօրէն Մարքօ Ռոտրիկեզ իր արտասանած խօսքին մէջ բացատրութիւն տալով խօսեցաւ Ֆորմիւլա-1-ին եւ Ֆորմիւլա-3-ին միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւններուն մասին:

Ռոտրիկեզ ըսաւ, որ Ժամմալ կը նկատուի այս ախոյեանութեան լաւագոյն վարորդը` առանց բացառութեան:

Խօսքեր արտասանեցին նաեւ ակումբի պատասխանատու Ռոժէ Ժամմալ եւ վարորդին հայրը` Եուսեֆ Ժամմալ:

Ռոժէ Ժամմալ ըսաւ, որ այս տարեշրջանին համար պիւտճէն նկատի առնուած է 1 միլիոն երկու հարիւր հազար եւրօ:

Ինչ կը վերաբերի Ժոել Ժամմալի արտասանած խօսքին, ան ըսաւ, որ թէեւ ախոյեանութիւնը կը նկատուի շատ դժուար, սակայն ինք իր ամէն կարելին պիտի ընէ` տիրանալու համար տիտղոսին:

Share this Article
CATEGORIES