Կռփամարտ. Դաւիթ Կրաֆի Յաջորդ Մրցումը` Յառաջիկայ 5 Մայիսին
Գերմանահայ կռփամարտիկ Դաւիթ Կրաֆ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ յառաջիկայ 5 մայիսին` Էրֆուրթի մէջ, կը յայտնէ PanARMENIAN.Net:
Նոյն այդ օրը, մրցումներ ունին կատարելիք նաեւ Մարքօ Հուք, Ռապըրթ Շթիքլից եւ Ալեքսանտր Տիմիթրենքօ:
Դաւիթ Կրաֆ, որ կռփամարտի իր արհեստավարժ ասպարէզին 7-րդ ճակատումը պիտի կատարէ, ցարդ արձանագրած է վեց յաղթանակ:
Յիշատակելի է անոր արձանագրած առաջին յաղթանակը, երբ ան 16-րդ երկվայրկեանին իր առաջին իսկ հարուածին նաք-աութի ենթարկեց իր մրցակիցը:
ruslife.eu կը նշէ, որ Դաւիթ Կրաֆ դարձած է գերմանացի առաջին կռփամարտիկը, որ իր կատարած առաջին իսկ մրցումին մէկ հարուած տալով յաղթական դուրս կու գայ:
CATEGORIES Մարզական


