Կռփամարտ. 16 Մայիսին Սիւզի Քենթիքեան Ճակատում Մը Պիտի Կատարէ
boxingscene.com-ի համաձայն, հայ կռփամարտիկ Սիւզի Քենթիքեան 16 մայիսին Ֆրանքֆորթի մէջ (Գերմանիա) պիտի կատարէ ճակատում մը, որուն ընթացքին ան պիտի փորձէ պաշտպանել իր WBA-ի, WIBF-ի եւ WBO-ի տիտղոսները:
Թէեւ այս ճակատումին թուականը եւ վայրը որոշուած են, սակայն ցարդ յստակ չէ, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ անոր մրցակիցը:
Քենթիքեան իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին կատարած է 30 մրցում` արձանագրելով 29 յաղթանակ եւ 1 հաւասարութիւն:
Ան իր վերջին մրցումը կատարեց 21 հոկտեմբեր 2011-ին, երբ պարտութեան մատնեց Թեյեպոռն Փաննիմիթը (Թայլանտ):
CATEGORIES Մարզական


