«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա Պարտուած Հեռացաւ Լոնտոնէն

Երէկուան մրցումին միակ կոլի հեղինակ Տիտիէ Տրոկպա կը տօնէ իր նշանակած կոլը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի երկրորդ մրցումը, որ տեղի ունեցաւ երէկ, իրարու դէմ հանեց Չելսին եւ Պարսելոնան: Անիկա աւարտեցաւ դաշտին տէրերուն յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Չելսիի եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Տիտիէ Տրոկպա` Ա. կիսախաղին կորսուած վայրկեաններուն (45+2):

Նշենք, որ օրուան իրաւարարն էր գերմանացի Ֆելիքս Պրիչ:

Տիտղոսակիր Պարսելոնա, որ այսպիսով պարտուած հեռացաւ Լոնտոնէն, քիչ մը անբախտ գտնուեցաւ, որովհետեւ քանի մը առիթներով հարուածեց Չելսիի բերդին սիւնին: Այլ առիթով մըն ալ, Չելսիի մարզիկներէն մէկը դէպի բերդ ուղղուող գնդակը հեռացուց ճիշդ գիծին վրայէն:

Պարսելոնա, որ այս տարեշրջանին կը փորձէ Ա. Սէ. Միլանէն ետք (1989-1990) հանդիսանալ առաջին ակումբը, որ յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով կը տիրանայ տիտղոսին, այժմ պիտի սպասէ դարձի մրցումին` նուազագոյնը 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով դուրս չմնալու համար մրցաշարքէն:

 

Share this Article
CATEGORIES