Տիգրան Քոթանճեան` Պէյրութի Ճատրակի Մրցաշարքի Յաղթող
Տիրացաւ Տիտղոսին`
Առանց Պարտութիւն Կրելու
Հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեան, երէկ տիրացաւ Պէյրութի ճատրակի 5-րդ միջազգային բաց մրցաշարքին, երբ առաւելագոյն 9 կէտէն ապահովեց 8 կէտ:
Երէկ` չորեքշաբթի, 18 ապրիլին, աւարտեցաւ Պէյրութի 2012-ի ճատրակի 5-րդ միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցան 9-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները:
Մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին 73 տեղացի թէ օտար ճատրակ խաղացողներ, որոնց կարգին` երեք կրանտմասթըրներ, միջազգային մասթըրներ եւ ուրիշներ:
Այդ երեք կրանտմասթըրներուն կարգին էր հայրենի ճատրակի վարպետ Տիգրան Քոթանճեան, որ նախապէս այլ առիթներով տեսնուած է Լիբանանի մէջ:
Քոթանճեան, որ ընդհանրապէս կը մնար պարագլուխի դիրքին վրայ, վերջին հանգրուանի մրցումին սեւ քարերով ճակատեցաւ Լիբանանի ախոյեան Ֆայսալ Խէյրալլայի դէմ:
Նախքան 9-րդ հանգրուանի իր մրցումը կատարելը, Քոթանճեան ունէր 7 կէտ եւ կէս կէտով կը գերազանցէր իր ետին գտնուող երեք այլ վարպետներ (երկուքը` կրանտմասթըրներ):
Հետեւաբար, տիտղոսին տիրանալու համար Քոթանճեան պէտք ունէր յաղթանակի` իր ունեցած կէտերու տարբերութիւնը բարձրացնելու համար 8:00-ի:
Այդպէս ալ պատահեցաւ եւ Քոթանճեան յաղթելով իր մրցակիցին` տիրացաւ տիտղոսին` առանց պարտութիւն կրելու (եօթը յաղթանակ եւ երկու հաւասարութիւն):
Քոթանճեանի կողքին այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ եօթը հայեր` Ժիրայր Օգնայեան, Գրիգոր Օգնայեան, Ռազմիկ Օգնայեան, Րաֆֆի Ճիկերեան, Հրակ Գըլըպոզեան, Աբիկ Աբրահամեան եւ Յակոբ Ոսկերիչեան:
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` հինգշաբթի, Ֆըրն Շըպպեքի վարժարանին մէջ, երեկոյեան ժամը 18:00-էն սկսեալ:
Յաւելեալ մանրամասնութիւններ կը փոխանցենք վաղուան մեր թիւով:
«Ազդակ» կը շնորհաւորէ հայրենի կրանտմասթըր Տիգրան Քոթանճեանի կատարած այս իրագործումը` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:


