50 Տարի Առաջ ( 20 ապրիլ 1962 )
Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ
Մկրտարանի Աւազանին Շինութիւնը
Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ծուխերէն, Յովհաննէս Գազազեան, աստուածահաճոյ եւ ուրախառիթ գաղափարը ունեցած է հիմնովին եւ ամբողջական կերպով բարեփոխութեան ենթարկելու եկեղեցւոյս մկրտարանը: Շուրջ չորս հազար լիբ. ոսկիի ծախքով մը, Յովհաննէս Գազազեան իր անմիջական հսկողութեամբ եւ աշխատանքներուն ուղղակի մասնակցութեամբ կարողացած է շինել տալ ակնահաճոյ եւ նրբակառոյց մկրտութեան աւազան մը եւ նրբաճաշակ կերպով զարդարել անոր շուրջ բոլորը: Ամբողջութեամբ ճերմակ մարմար Յիսուսի Յորդանան գետին մէջ մկրտութեան նկարին նուրբ փորագրութեամբ, ջահերու եւ ելեկտրական լոյսերու ճաշակաւոր սարքաւորումով, ինչպէս նաեւ տաք ջուրի ինքնաշխատ սարոյքով օժտուած` Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մկրտարանը ազնուահոգի եւ խորապէս հաւատացեալ հայու մը բարի հոգիին արգասիքն է:
1894-ին Մարաշ ծնած, նահապետական ընտանիքի մը զաւակ Յովհաննէս Գազազեան, ապրիլեան եղեռնէն հրաշքով մը փրկուելով կ՛ուխտէ իր կեանքին մնացեալ օրերուն մէջ, իր ուժերուն ներած չափով օգտակար հանդիսանալ իր ազգին եւ կրօնին: Ու այնուհետեւ Մարաշի, Ղազիրի եւ Պէյրութի մէջ ան հոգեպէս կը փարի ազգային գործին` իր օգտաշատ ծառայութիւնը բերելով Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբին, տասներկու տարի անընդմէջ համանուն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, Նոր Մարաշ թաղի հողային վարչութեան եւ Ժտէյտէի քաղաքապետութեան իբրեւ հայ լուսաւորչական համայնքի ներկայացուցիչ:
Իր յառաջացեալ տարիքին մէջ, ի յիշատակ իր գերդաստանի համայն ննջեցեալներուն, այս գեղեցիկ եւ սուրբ մկրտութեան աւազանը շինելով Յովհաննէս Գազազեան կը մաղթէ, որ հայ ազգը խաղաղութեան եւ բարօրութեան մէջ վայելէ զայն, որպէսզի` «Վայելողքդ ասասջիք ողորմի Աստուած իւրոյ ննջեցելոց»:
Գ.
Զուարթ Նոթեր
Մանրավէպ մը` Կոմիտաս վարդապետի կեանքէն:
Էջմիածնի մէջ, Ընծայարանի տարեվերջի քննութեանց ժամանակ, քննիչներուն առջեւ է ուսանող մը, զոր շատ կը սիրէր Կոմիտաս` երգի եւ ձայնագրութեան մէջ ցոյց տուած ընդունակութեան եւ բնատուր շնորհքներուն համար: Քննութեան նիւթը` ազգ. պատմութիւն, որուն մէջ շատ տկար էր ուսանողը:
Կոմիտաս վարդապետ ներկայ է քննութեան:
Քննիչը կը հարցնէ, թէ ո՞վ է շինած Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին, հին պատմական յիշատակարան մը, որ կը համարուի Կոմիտաս կաթողիկոսին ձեռակերտը:
Ուսանողը չի գիտեր:
Հարցումը կը կրկնուի.
– Ո՞վ է շինած Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցին ու վանքը:
Պապանձումն Զաքարիայի:
Կոմիտաս վարդապետ կ՛ուտէ ինքզինք: Շատ կը փափաքի, որ յաջողի իր սիրելի աշակերտը: Քննիչին ետեւը կանգնած` շրթները կը բանայ կը գոցէ, բան մը կ՛ըսէ: Աշակերտը կը նայի, բայց չի հասկնար: Կոմիտաս վարդապետ ձեռքը սիրտին վրայ կը դնէ քանի մը անգամ ու կը շարժէ շրթները: Աշակերտը տխրօրէն կը նայի ուսուցիչին շարժումներուն եւ յանկարծ կը գոչէ յաղթական:
– Ս. Հռիփսիմեանց վանքը շինողն է Կոմիտաս վարդապետը:
***
Երուանդ Օտեան թերթ մը կը հրատարակէր Գահիրէի մէջ, սահմանադրութենէն առաջ, «Ազատ Բեմ», ուր լոյս տեսած են հետեւեալ բառախաղերը. Պոլսոյ մտաւորականները գրական սալոններ կը կազմակերպէին ժամանակին` զուարճանալու համար բառերու խաղերով, երբ ուրիշներ լծուած էին գաղափարներու պայքարի: Սալոնական այդ սովորութիւնները ժամանակ մըն ալ փոխադրուեցան Գահիրէ: Այդ կարգի զբօսանքներէ կը մնան հետեւեալ բառախաղերը, զուարթ եւ սրամիտ, որոնք կը պատկանին մռայլ եւ անժպիտ Թէքէեանին:
– Ի՞նչ է բնաբանդ:
Գնա բանդ…
– Ի՞նչ է հոգեկան վիճակդ:
Անտարբեր ամէն բանի համար, բացի խաժ աչուըներուդ մէկ նայուածքէն,- ան` տարբեր:
– Ո՞րն է տկար կողմդ:
Ֆիզիքապէս` գլուխս եւ կուրծքս, յաճախ ենթակայ` հարբուխի: Բարոյապէս` դարձեալ գլուխս եւ կուրծքս, աւաղ…
– Ի՞նչ կը մտածես կնոջ վրայ:
Գետնին տակը անցնի… ինծի հետ, կահաւորուած նկուղի մը մէջ, մանաւանդ ամառը: Գահիրէ:
– Մինչեւ ո՞ր աստիճան ներողամիտ ես:
Ծայր աստիճան` գեղեցիկ սեռին համար, իսկ ձեզի համար` ոչ մէկ աստիճան պարոն:
– Ինչպէ՞ս յաջողած ես սիրոյ աշխարհին մէջ:
Աշխարհագրութեան շնորհիւ, բայց ասիկա բաւական չէ, պէտք է շատ ճամբորդել, այցելել ամէն գլուխ, ամէն հրուանդան, ամէն ծոց…
– Ի՞նչ ծնած ըլլալ պիտի ուզէիր:
Հիճազցի բանաստեղծ:
– Ի՞նչ յատկութիւններ պիտի փնտռէիր կնոջ մօտ:
Բոլոր իմ չունեցածներս, աւելցնելով վրան իմ ունեցածներս:

