Իրերը Հասկնալու Ճամբուն Վրայ. Ներհայեցողութեան Դարը

«Ատիլէ Պլոք-Պաուըր». պաստառի վրայ իւղանկար` արծաթով եւ ոսկիով: Գործ` Կուսթաւ Քլիմթի (1907):

ՖՐՈՅՏ Ի՞ՆՉ ԿԱՊ ՈՒՆԻ ՔԼԻՄԹԻ ՀԵՏ ԵՒ ՋՂԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ` ՊԵԹՀՈՎԵՆԻ ՄԷԿ ՀԱՄԱՆՈՒԱԳԻՆ: ԱՆՑԵԱԼ ՇԱԲԱԹ ՄԱՐԻԱ ՓՈՓՈՎԱ «ՊՐԷՅՆՓԻՔԻՆԿԶ» ՊԼՈԿԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷՐ ԳԻՐՔ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՅԱՅՏՆԷՐ ԱՅՆ ԳԱՂԱՓԱՐԸ, ԹԷ ԿԻՐԱՐԱԿԱՆ-ՓՈՐՁԱՌԱԿԱՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷԿՏԵՂՈՒՄԷՆ ԾՆՈՒՆԴ ԿՐՆԱՐ ԱՌՆԵԼ ՆՈՐ ՄՇԱԿՈՅԹ ՄԸ, ՈՐ ՊԻՏԻ ՀԱՐՍՏԱՑՆԷՐ ԵՐԿՈՒՔԸ: ԱՅԺՄ ԱՆ ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՅԼ ԳԻՐՔ ՄԸ, ՈՐՈՒՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԱՐՈՒԵՍՏՆ ՈՒ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ 20-ՐԴ ԴԱՐՈՒ ՍԿԻԶԲԸ ԲԵՂՄՆԱՒՈՐԱԾ ԵՆ ԶԻՐԱՐ ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԷՋ, ԵՒ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԱՍԻԿԱ ԻՆՉՊԷ՛Ս ՁԵՒԱՒՈՐԱԾ Է ԱՐԴԻ ՄՇԱԿՈՅԹԸ:

Արտասովոր բան մը կը բնորոշէր Վիեննան 1890-1918-ի միջեւ. բան մը, որ շատ աւելի ձեւաւորած էր արեւմտեան մշակոյթը, քան ինչ որ կը համարձակինք ենթադրել. արուեստագէտներ, գրագէտներ, մտածողներ եւ գիտնականներ` կենսաբանութեան մարզէն մինչեւ բժշկագիտութեան եւ հոգեվերլուծութեան մարզերուն մէջ, կանոնաւոր կերպով կապի մէջ էին իրարու հետ, եւ անոնց յարաբերութեան գործընթացը կը գծէր արդի արուեստի եւ գիտութեան ճամբան: «Ին տի էյճ աֆ ինսայթ. տը քուեսթ թու անտըրսթենտ տը անքոնշըս ին արթ, մայնտ էնտ պրէյն, ֆրամ Վիեննա 1900 թու տը փրեզընթ» (ներհայեցողութեան դարը. արուեստի, մտքի եւ ուղեղի մէջ անգիտակիցը հասկնալու փնտռտուքը` 1900-ի Վիեննայէն մինչեւ մեր օրերը) գիրքը, որ կը պատկանի նոպելեան մրցանակակիր Էրիք Քանտելի, կ՛որոնէ հետքերը այն կայծին, որ ծնունդ տուած է մինչեւ այսօր արուեստի եւ գիտութեան միջեւ շարունակուող երկխօսութեան: Հեղինակը կը հետեւի հիմնական երեք ուղղութիւններու. առաջին` ռահվիրայի դեր կատարած արդի արուեստագէտներու եւ Վիեննայի Բժշկագիտական դպրոցին անդամներուն միջեւ հայեցակէտերու փոխանակումին, ինչպէս նաեւ` Վիեննայի Արուեստի Պատմութեան դպրոցին կողմէ 1930-ական տարիներուն կատարուած հետազօտութիւններուն, որոնք կը պեղէին արուեստի եւ արուեստի իմացական հոգեբանութեան միջեւ փոխյարաբերութիւնը, երկրորդ` արդի գիտութեան մէջ համեմատաբար նորայայտ հետաքրքրութեան` զգացական ջղագեղագիտութեան նկատմամբ, եւ երրորդ` իմացական հոգեբանութեան եւ կենսաբանութեան կամրջումին` քննելու համար արուեստի գործերու նկատմամբ մեր իմացական, զգացական եւ բնազդային հակազդեցութիւնները:

Այնպէս, ինչպէս բնագէտ Լորընս Քրաուս վերջերս կը վիճէր, Քանտել կ՛ըսէ, թէ գիտութիւնն ու արուեստը կը բաժնեն հիմնական նոյն հարցադրումները, սակայն այս հարցադրումներուն կը պատասխանեն տարբեր ձեւերով: Մինչ գիտական ուղեղը կը կեդրոնանայ մտային այն կեանքին վրայ, որ ծնունդ կ՛առնէ ուղեղին գործունէութենէն, ներառեալ` հասկացողութեան եւ յիշողութեան գործընթացները եւ գիտակցութիւնը բնորոշող յատկանիշը, նոյնպէս ալ` արուեստը կ՛ընձեռէ ներհայեցողութիւն մը, որ կը թափանցէ ուղեղին փորձառական յատկանիշներուն մէջ, ինչպէս` որոշ փորձառութիւններու ենթակայական չափագրութիւնները: Քանտել կը նկատէ.

«Ուղեղին մէկ նկարը (սքեն) կրնայ ցոյց տալ ընկճուածութեան ջղային նշանները, սակայն Պեթհովենի մէկ համանուագը ցոյց կու տայ ընկճուածութեան զգացողութեան տարողութիւն մը: Երկու հայեցակէտերն ալ անհրաժեշտ են, եթէ կը ձգտինք ամբողջութեամբ հասկնալ ուղեղին բնոյթը, այսուհանդերձ, հազուադէպօրէն կը մէկտեղուին անոնք»:

Սակայն Քանտելի մեծագոյն իրագործումը պերճախօս բառերով եւ կենսունակ տրամաբանութեամբ խորտակումն է ժողովրդային այն միթին, թէ` գիտութեան ոսպնեակը արուեստի մէջ գործածելը ձեւով մը կը նուազեցնէ արուեստին պարգեւած հաճոյքը: Իր հետազօտութեան ընթացքին Քանտել ի յայտ կը բերէ շատ նուրբ կէտ մը գիտութեան բազմազան բնորոշումներուն մէջ: Ան կը գրէ.

«Գիտութիւնը կը ձգտի հասկնալ բարդ գործընթացները` պեղելով անոնց հիմնական շարժումները եւ ուսումնասիրելով այս շարժումներուն փոխ դերակատարութիւնը: Իրերը հասկնալու համար զանոնք իրենց հիմնական տարրերուն վերածելու այս մօտեցումը ի զօրու է նաեւ արուեստի մէջ: Իրօք, լաւագոյն օրինակը արուեստի մէջ ի յայտ եկած դպրոց մըն է, որ ունի գլխաւոր միայն երեք ներկայացուցիչ: Ոմանք մտավախութիւն կը յայտնեն, թէ իրերը հասկնալու համար զանոնք  իրենց հիմնական տարրերուն վերլուծելու մօտեցումը կը նսեմացնէ արուեստով հմայուելու մեր յատկութիւնը, թէ` անիկա կ՛արժեզրկէ արուեստը եւ զայն կը զրկէ իրեն յատուկ զօրութենէն, այսպէս` ակնդիրին ապրումը վերածելով ուղեղային սովորական գործընթացի մը: Ես կը վիճիմ` հակառակը պաշտպանելով. երբ կը քաջալերենք գիտութեան եւ արուեստի միջեւ երկխօսութիւնը, ինչպէս նաեւ` ուղեղի գործընթացներուն վրայ հերթաբար կեդրոնանալու մօտեցումը, իրերը հասկնալու համար զանոնք  իրենց հիմնական տարրերուն վերածելը կրնայ ընդարձակել մեր տեսադաշտը եւ մեզի ընձեռել նոր ներհայեցողութիւններ` արուեստի բնոյթին եւ ստեղծումին մէջ: Այս նոր ներհայեցողութիւնները մեզի կ՛օգնեն տեսնելու եւ հասկնալու համար արուեստի մէջ անսպասելի երեւոյթներ, որոնք ծնունդ կ՛առնեն կենսաբանական եւ հոգեբանական երեւոյթներու յարաբերութենէն»:

Քանտել իր վէճը կը շարունակէ` ըսելով, թէ ուղեղին եւ անոր հակազդեցութիւններուն ճանաչումը փոխանակ նսեմացնելու արուեստի բարդ եւ հարուստ փորձառութիւնը, կրնայ օգնել մեզի, որ աւելի լաւ հասկնանք ստեղծագործելու  բնազդային մղումներն ու նպատակները եւ «կրնայ նպաստել արուեստի պատմութեան, գեղագիտութեան եւ իմացական հոգեբանութեան աւելի լայն մշակութային ծիրի մը կազմութեան»:

Արուեստներու եւ գիտութիւններու միջեւ այս երկխօսութիւնը ոչ միայն հասկնալի, այլ նաեւ առաւելագոյն չափով հասկնալի պահելու համար Քանտել իր ոսպնեակը կը կեդրոնացնէ արուեստի յատուկ ձեւի մը վրայ: Ան կ՛ըսէ, թէ դիմանկարչութիւնը իւրայատուկ դեր մը ունի գիտական հետազօտութեան մէջ` շնորհիւ մարդկային դէմքին վրայ զգացական արտայայտութիւններու ուսումնասիրութեան բազմամեայ աւանդին, որ ձեւաւորուած է Տարուինի լուսանկարչական փորձերով, ինչպէս նաեւ` գիտական բաւարար ուսումնասիրութիւններու, որոնք կը բացատրեն այլոց դէմքի արտայայտութիւններուն եւ շարժուձեւերուն հակազդելու մեր մօտեցումը` մտային, զգացական եւ բնազդային մակարդակներու վրայ:

Քանտել իր քննարկումը կը կեդրոնացնէ արդիապաշտ երեք արուեստագէտներու վրայ` Կուսթաւ Քլիմթ, Օսքար Քոքոշքա եւ Իկոն Շիլէ, որոնք` «շեշտած են այն գաղափարը, թէ արդի արուեստագէտին դերը ոչ թէ գեղեցկութիւն փոխանցելն է, այլ` նոր ճշմարտութիւններ փոխանցելը»:

Օրինակ, Քլիմթ կարդացած էր Տարուինի գործերը եւ հմայուած էր բջիջներու կառոյցով, ինչ որ համակած էր անոր ստեղծագործելու մղումը: «Ատիլէ Պլոք -Պաուըր» անունով իր դիմանկարին մէջ Կուսթաւ կնոջ հագուստին վրայ կը գծէ սրբանկարային պատկերներ, որոնք սակայն սոսկ զարդարանք չեն, այլ կը խորհրդանշեն արական եւ իգական բջիջները. քառանկիւն զարդանմուշները կը ներկայացնեն սերմը, իսկ հաւկթաձեւ զարդանմուշները` հաւկիթները: Քանտել կը գրէ.

«Կենսաբանութենէ ներշնչուած արգասաբերութեան այս խորհրդանիշները կը միտին ցոյց տալ պատկերուած կնոջ ցանկայարոյց դէմքին եւ անոր սերնդագործելու կարողութեան ամբողջ զօրութիւնը» (գիտութեան եւ արուեստի տարբեր ուսմունքներուն միջեւ փոխ բեղմնաւորումի մշակութային կշիռին իբրեւ ապացոյց` Ատիլէի

դիմանկարը վաճառուեցաւ 135 միլիոն տոլարի. բարձրագոյն գինը, որ երբեւիցէ վճարուած է պատմութեան մէջ տուեալ պահուն գծուած գեղանկարի մը, սուր կերպով հակադրուելով Քլիմթի այլապէս աննշան ստեղծագործական ասպարէզին` տուեալ գործը գծելէ առաջ):

Մինչ այդ, Վիեննայի մէջ ազդեցիկ շարք մը գիտնականներ` սկսեալ Վիեննայի Բժշկագիտական Երկրորդ դպրոցի հիմնադիր Քարլ ֆոն Ռոքիթանսքիէն մինչեւ Ֆրոյտ, կը գծէին մարդկային հոգեբանութեան նոր եւ հզօր շրջագիծ մը, որ արմատական փոփոխութեան կ՛ենթարկէր մարդկային ուղեղը հասկնալու մօտեցումը: Սթիւըն Ճոնսըն իր «Ուեր կուտ այտիազ քամ ֆրամ» (ուրկէ կու գան լաւ գաղափարները) գիրքին մէջ նորարարութիւններու եւ յայտնագործութիւններու հիմնական կեդրոններ կը նկատէ թանգարանները, օփերաները, թատերասրահները եւ սրճարանները: Նման վայրերու մէջ զրոյցներու ճամբով` այս գիտնականներուն գաղափարները դարձան արուեստագէտներու ուշադրութեան առարկան եւ շուտով իրենց արտայայտութիւնը գտան անոնց պաստառներուն մէջ:

Քանտել այս բոլորը կը փոխանցէ արդի ընթերցողին` ուրուագծելով հասկնալու, յիշողութեան, զգացումի, կարեկցանքի եւ ստեղծագործականութեան արդի ժամանակներու, այն, ինչ որ մեզի կ՛օժտէ մեր մարդկային յատկանիշով: Ան ցոյց կու տայ, թէ այս բոլորը ինչպէ՛ս կը ձեւաւորեն արուեստի մեր փորձառութիւնը` «ներհայեցողութեան դարը» վերածելով ոչ միայն հրաշալի, այլ նաեւ անհրաժեշտ բանի մը:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES