Իրերը Հասկնալու Ճամբուն Վրայ. Նախապաշարումի Պաշտպանողական Մը
ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԼՈՅՍ ԿԸ ՏԵՍՆԷ ՋՂԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԳԷՏ ՄԱԹԻՒ ՀԱԹՍԸՆԻ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ՄՏԱԾՈՂՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԲԵՐՈՂ ԳԻՐՔԸ, ՈՐ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս ԱՆՏՐԱՄԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՏԱԼԻՔՆԵՐ ՈՒՐԱԽ, ԱՌՈՂՋ ԵՒ ԶԳՕՆ ԿԸ ՊԱՀԵՆ ՄԱՐԴԻԿԸ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔ ԹԱՅՄԶ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՀԱԹՍԸՆ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԿԱԽԱՐԴԱԿԱՆ ԵՒ ԳԵՐԲՆԱԿԱՆ ԲԱՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՏԱԼՈՎ` ՄԱՐԴԻԿ ԿԸ ՄԱԿԱՆՑԵՆ «ԱՅՆ ՏԱԳՆԱՊԸ, ՈՐ ԾԱՅՐ ՊԻՏԻ ՏԱՐ, ԵՐԲ ԱՆԴՐԱԴԱՌՆԱՅԻՆ, ԹԷ ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՄՈԼԵՔԻՒԼՆԵՐՈՒ ԿՈՅՏ ՄԸՆ ԵՆ» ԱՅՍ ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ: ԱՅԼ ԽՕՍՔՈՎ` ԳԵՐԲՆԱԿԱՆԻՆ ՀԱՒԱՏԱԼԸ ՅԱՏԿԱՆԻՇՆ Է ՄԵՐ ՄԱՐԴԿԱՅՆՈՒԹԵԱՆ, ՈՐ ԿԸ ՁԳՏԻ ՁԵՒԱՒՈՐԵԼ ՔԱՈՍԸ ԵՒ ԻՄԱՍՏ ՄԸ ՏԱԼ ԿԵԱՆՔԻՆ:
Նախապաշարումը ինքնին ժխտական եզր մըն է: Կախարդութեան կամ հրաշքներու հաւատալը կը նկատուի անտրամաբանական եւ գիտականօրէն յետամնաց: Սակայն, ինչպէս ուսումնասիրութիւններ տեւաբար ցոյց տուած են, որոշ չափով գերբնականին հաւատալը, յաճախ անգիտակից եւ անբացատրելի հաւատքը յայտնապէս անխուսափելի են, նոյնիսկ` սկեպտիկներուն քով: Ուսումնասիրութիւն մը ի յայտ բերած է, թէ Փրինսթընի համալսարանէն երեւութապէս բանականութեան ուժին հաւատացող ուսանողներ համոզուած են, թէ ամերիկեան ֆութպոլի մրցաշարքի արդիւնքներուն վրայ իրենց ներգործութիւնը ունեցած են` պարզապէս խաղերը դիտելով պատկերասփիւռէն: Բոլորս ալ որոշ չափով խորհրդապաշտ ենք:
Լաւը այն է, թէ նախապաշարումներու կամ կախարդական բաներու վրայ հիմնուած մտածողութիւնը, նոյնիսկ երբ սխալ ձեւով կը ներկայացնէ իրականութիւնը, ունի իր առաւելութիւնները: Անիկա կ՛ընձեռէ այնպիսի բարիքներ, զորս տրամաբանութիւնն ու գիտութիւնը միշտ չէ, որ կրնան ապահովել: Այսինքն` իրերու վրայ հակակշռելու եւ իրերուն մէջ իմաստ մը գտնելու բարիքը:
Պահ մը նկատի ունենանք «կախարդական այն օրէնքը», որ կ՛ըսէ, թէ «բախտը մեր ձեռքին մէջ է», թէ` կրնանք ներգործութիւն ունենալ մեր ճակատագիրին վրայ` կիրարկելով նախապաշարումի վրայ հիմնուած ծէսեր, ինչպէս` փայտին զարնել, կամ` կրելով բախտաբեր հմայեակներ: Յաճախ նման ծէսերու կը դիմենք, երբ կ՛ապրինք անձկալից հոգեվիճակներ կամ կը ցանկանք լաւ արդիւնք արձանագրել: Թէեւ նման ծէսեր պայման չէ, որ ունենան իրենց կախարդական ներգործութիւնը, սակայն կը ստեղծեն իրերը հակակշիռի տակ պահելու խաբկանք մը եւ կը խթանեն ինքնավստահութեան զգացումը, ինչ որ իր կարգին կրնայ բարելաւել մեր կատարողութիւնը եւ այսպէս` անուղղակի կերպով իր ներգործութիւնը ունենալ մեր ճակատագիրին վրայ:
Օրինակ, Քոլոնի համալսարանէն հոգեբան Լիսան Տամիշ գլխաւորած է ուսումնասիրութիւն մը, որուն ընթացքին մասնակցողներուն տուած է կոլֆի գնդակ մը: Մասնակցողներուն կէսը ստացած է տեղեկութիւն մը, որ կ՛ըսէր, թէ ցարդ գնդակը միայն բախտաբեր եղած էր: Այն մասնակցողները, որոնք կը կարծէին, թէ կը խաղային «բախտաբեր» գնդակով մը, 35 առ հարիւր համեմատութեամբ աւելի յաջողութիւն արձանագրած էին գնդակը կոլֆի ծակերուն մէջ գլորելով, քան թէ` անոնք, որոնք կը կարծէին, թէ կը խաղային «սովորական» գնդակով մը: Այլ առիթով մը մասնակցողները շատ աւելի լաւ արդիւնքներ արձանագրած էին յիշողութեան եւ բառերու առնչուող խաղերու մէջ, երբ զինուած էին բախտաբեր հմայեակներով: Իրական աշխարհի մէջ նման ներգործութեան մը օրինակը ի յայտ բերած է Քըննեքթիքաթի համալսարանէն մարդաբան Ռիչըրտ Սոսիս. ան նկատած է, թէ 2000-ական տարիներու սկիզբը Իսրայէլի մէջ պաղեստինեան ինթիֆատային ժամանակ Ցֆաթ գիւղաւանին մէջ աշխարհիկ կիներուն 36 առ հարիւրը սկսած է սաղմոսներ արտասանել իբրեւ հակազդեցութիւն` բրտութեան: Այս կիները բաղդատելով անոնց հետ, որոնք սաղմոս չէին արտասաներ, Սոսիս ի յայտ բերած է, թէ անոնց հոգեվիճակը նուազ անձկալից էր, թէ` անոնք միւսներէն աւելի անվախ էին, երբ կը գտնուէին բազմութիւններու մէջ, երբ գնումի կ՛երթային կամ հանրային փոխադրակառք կը նստէին: Հետեւաբար ան եզրակացուցած է, թէ անոնք ունէին իրերու վրայ հակակշռելու շատ աւելի հզօր զգացողութիւն մը:
Կախարդական այլ օրէնք մը կ՛ըսէ. «Պատճառ մը կայ իւրաքանչիւր պատահարի ետին», թէ` պատահականութիւն կամ պարագայականութիւն գոյութիւն չունի: Ասիկա փիլիսոփայական ուսմունք մըն է, որ երեւոյթները կը բացատրէ այնպէս, կարծէք անոնց ետին գոյութիւն ունի նպատակ մը կամ մտադրութիւն մը, նոյնիսկ` յայտնապէս աննպատակ երեւոյթներու ետին, ինչպէս` աւեր սփռող մրրիկներ: Թերեւս իբրեւ ընկերային արարածներ կենսաբանականօրէն լարուած ենք այնպէս, որ աշխարհի մէջ կը փնտռենք մտածուած ծրագիր մը, որպէսզի կարենանք պայքարիլ անոր դէմ` հաւատալով, որ անիկա կը գտնուի պատահարի մը ետին, կամ` գործակցիլ անոր հետ: Իսկ երբ չենք գտներ տեսանելի հեղինակ մը, կը սկսինք զայն վերագրել անտեսանելիին. Աստուծոյ, ճակատագիրի, քարմայի (հինտու եւ պուտտայական կրօններուն մէջ անձի մը արարքներուն ներգործութիւնը, որ կ՛որոշէ անոր ճակատագիրը այս կեանքին մէջ եւ յաջորդ կեանքի մէջ անոր վերամարմնաւորումին) կամ որեւէ նման բանի:
Յայտնապէս այս խաբկանքը եւս օգտակար է հոգեբանական առումով: Պըրքլիի մէջ Քալիֆորնիոյ համալսարանէն հոգեբան Լորա Քրէյի գլխաւորած մէկ ուսումնասիրութեան ընթացքին մասնակցողներէն պահանջուած է խորհրդածել իրենց կեանքին անկիւնադարձային մէկ պահին մասին: Մասնակցողները որքան աւելի հաւատացած են, թէ տուեալ անկիւնադարձը ճակատագիրի արդիւնք էր, այնքան աւելի համոզուած են, թէ` «անիկա զիս վերածած է այն անձին, որ եմ այսօր» եւ «իմաստաւորած է կեանքս», ինչպէս հաստատած են անոնք: Ճակատագիրի հաւատալը կ՛օգնէ, որ մեր կեանքը ունենայ հասկնալի պատմութիւն մը, ինչ որ մեր միտումները կ՛օժտէ նպատակի շատ աւելի խոր զգացողութեամբ մը: Այս մէկը տեղի կ՛ունենայ, նոյնիսկ երբ տուեալ անկիւնադարձային պահերը վնաս կը պատճառեն: Պաուլինկ Կրին պետական համալսարանէն հոգեբան Քենեթ Փարկամընթի գլխաւորած մէկ ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուած է, թէ այն ուսանողները, որոնք ժխտական դէպք մը նկատած են իբրեւ «Աստուծոյ ծրագիրին մէկ մասը», շատ աւելի զգաստացած են տուեալ դէպքէն ետք: Անոնք շատ աւելի պատրաստակամութիւն ցուցաբերած են նոր հայեցակէտեր լսելու, շատ աւելի սերտ մակարդակի վրայ մշակած են իրենց յարաբերութիւնները եւ շատ աւելի յամառօրէն դիմագրաւած են մարտահրաւէրները:
Նմանօրինակ օրէնքներով կը ղեկավարուին ժողովրդային այլ նախապաշարումներ, ինչպէս` այն հաւատալիքը, թէ իրերը կը պարունակեն իրենց նախկին տէրերուն «էութիւնը» (ինչ որ կը բացատրէ, թէ ինչո՛ւ պիտի փափաքէինք ունենալ այն գրիչը, որ ժամանակին կը պատկանէր մեզի սիրելի գրագէտի մը), այն հաւատալիքը, թէ խորհրդանշական իրեր կրնան մարմնաւորել այն, ինչ որ կը ներկայացնեն իրենք (հաւանաբար այս պատճառով է, որ կը վախնանք կտրտելու մեր մօրը մէկ լուսանկարը), նաեւ` անկենդան բաներու մէջ գիտակցութիւն տեսնելը (այս պատճառով է, որ մեր զայրոյթը կը թափենք մեր համակարգիչին վրայ, երբ անիկա կը ջնջէ մեր թղթածրարները): Այս բոլորը տարբեր ձեւերով ծնունդ կ՛առնեն մեր ուղեղին հիմնական գործընթացներէն եւ բոլորն ալ որոշ չափով կը ձեւաւորեն քաոսային եւ անհեթեթ աշխարհը` իմաստ մը տալով անոր:
Ասիկա չի նշանակեր, թէ կախարդական մտածելակերպը չունի իր թերութիւնները: Յոռեգոյն պարագային անիկա կրնայ առաջնորդել պաշարուածութեան, ճակատագրապաշտութեան եւ մտային այնպիսի խանգարումի, ուր կապը կը խզուի իրականութեան հետ կամ կ՛աղաւաղուի: Սակայն, եթէ գոյութիւն չունենար կախարդական մտածողութիւնը, ապա մեր վրայ շատ ծանր կերպով պիտի գերակշռէր գոյութենական այն տագնապը, որ ծայր պիտի տար, երբ անդրադառնայինք, թէ պարզապէս մոլեքիւլներու անցողակի կոյտ մըն ենք` առանց որեւէ գերագոյն նպատակի:
Հետեւաբար կախարդական բաներու հաւատալը, ինչ որ խոր մակարդակի մը վրայ բոլորիս յատկանիշն է, յիմարութեան, տգիտութեան կամ խելագարութեան արտայայտութիւն մը չէ, այլ` մարդկայնութեան:

