Ազրպէյճան Եւ Թուրքիա. Վերադարձ «Թանափ»-ի Խողովակաշարի Նախագիծին

Ազրպէյճան եւ Թուրքիա ցոյց կու տան, որ նոյնիսկ ռազմավարական դաշնակիցներու համար միշտ հեզասահ չ՛ընթանար նաւարկութիւնը: Եւ մասնաւորաբար անակնկալ չէ, որ ուժանիւթի հարցերն են, որոնք մշակութային երկու զարմիկներու միջեւ վէճ կը ստեղծեն:

Անցեալ տասնամեակներուն ընթացքին երկկողմանի քիչ յարաբերութիւններ աւելի սերտ էին, քան` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնը, որուն մէջ լեզուական եւ մշակութային ամուր կապերը դիւանագիտական գերազանց սոսինձի  դեր կ՛ունենային: Բայց շղթան թուլցած է վերջին շաբաթներուն` Ազրպէյճանի կազը դէպի արեւմուտք փոխադրելու ուժանիւթի արտադրութեան շահութաբեր կազմակերպման շուրջը ծագած բուռն վէճին պատճառով:

Անցեալ դեկտեմբերին երկու երկիրները ստորագրեցին հասկացողութեան համաձայնագիր մը` կառուցելու համար 6 միլիառ տոլար արժող խողովակաշար մը, ծանօթ` ԹԱՆԱՓ անունով` կազը Ազրպէյճանի Շահ Տենիզ-2 հանքերէն Վրաստանի տարածքով դէպի Թուրքիա եւ անկէ Եւրոպա փոխադրելու համար: Խողովակաշարին նախնական ծրագիրով, Ազրպէյճանի քարիւղի պետական ընկերութիւնը` ՍՕՔԱՐ, պիտի ստանար 80 առ հարիւր բաժինը, իսկ թրքական պետական ընկերութիւնները` ՊՈԹԱՇ եւ ԹՓԱՕ, իւրաքանչիւրը պիտի ստանար 10-ական առ հարիւր:

Կը նախատեսուէր, որ գործառքը վերջնականանար մարտի աւարտին. բայց առանց բացատրութեան` ստորագրման արարողութիւնը բնաւ տեղի չունեցաւ:

Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու մասնակից ՍՕՔԱՐ-ի պաշտօնատար մը Եուրէյժիանեթին տուած հարցազրոյցին մէջ լոյս սփռեց յետաձգման պատճառներուն վրայ.

«Թուրքերը ՍՕՔԱՐ-ի հետ հաւասար բաժին կ՛ուզէին ԹԱՆԱՓ-ի ծրագիրին մէջ: Սեփականութեան այժմու կառոյցով Ազրպէյճան պիտի ունենայ իրաւունքը վերահսկելու կազի արտադրութեան Թուրքիոյ տարածքին վրայ, բայց Անգարա չի համաձայնիր ատոր», ըսաւ աղբիւրը:

Արդէն հաղորդուած էր, որ Թուրքիա կ՛ուզէ աւելցնել իր բաժինը ԹԱՆԱՓ-ի մէջ, սակայն վերլուծաբաններ կ՛ենթադրեն, թէ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պաշտօնատարները պիտի գոյացնեն համաձայնութիւն` առանց շատ մեծ դժուարութեան: Բայց այն յայտնութիւնը, որ բանակցութիւները այժմ կը դառնան, կը թաւալին 50-50 յարաբերութեան շուրջը, կը բարձրացնեն հաւանականութիւնը (որքան ալ փոքր), որ գործառքը կրնայ չկայանալ:

Ազրպէյճանցի պաշտօնատարներու հակասական յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ Պաքու տակաւին կը գօտեմարտի այս հարցին հետ:

Ճարտարարուեստի եւ ուժանիւթի նախարար Նաթիկ Ալիեւ 3 ապրիլին լրագրողներուն ըսաւ, որ` «Եթէ թրքական կողմը ունի անհրաժեշտ դրամական աղբիւրները, մենք հակառակ չենք ԹԱՆԱՓ-ի` իրենց բաժինը աւելցնելու գաղափարին»:

Բայց յաջորդ օրը ՍՕՔԱՐ-ի նախագահ Ռովանկ Ապտուլլայեւ հերքեց այդ յայտարարութիւնը` ըսելով, որ ԹԱՆԱՓ-ի բաժիններու բաշխումը արդէն իսկ որոշուած է եւ` «կարելի չէ վերատեսութեան ենթարկել»:

ՍՕՔԱՐ-ի պաշտօնատարները կրնան բռնադատուած զգալ, որովհետեւ անոնք կը ծրագրեն ԹԱՆԱՓ-ի մէջ ընկերութեան ունեցած 80 առ հարիւր բաժինը բաշխել Ազրպէյճանի մէջ կազի հորատումի իրաւունքներ ունեցող ընկերութիւններու, մասնաւորաբար` բրիտանական ՊՓ-ն եւ նորվեկական ՍԹԱԹՕՅԼ-ը, որոնք առաջարկած են խողովակաշարին միանալ:

«Միայն երկիրներ չեն, որոնք կ՛ուզեն ԹԱՆԱՓ-ի բաժնետէրեր ըլլալ: Անկախ ԹԱՆԱՓ-ի սեփականատիրութեան կառոյցէն, ՍՕՔԱՐ պիտի պնդէ խողովակաշարին վերահսկողութիւնն ու կառավարումը իրեն վերապահելու հարցին վրայ:

Սեփականատիրութեան կառոյցը վերջին պահուն վերատեսութեան ենթարկելու Թուրքիոյ դրդապատճառը աղօտ կը մնայ: Վերջին շաբաթներուն, սակայն, Թուրքիա ուժանիւթի ներքին սակերը բարձրացուցած է` փաստօրէն նուազեցնելու համար երկրի ուժանիւթի ներածումը: ԹԱՆԱՓ-ի մէջ իր բաժինը աւելցնելը կրնայ այլ բաղկացուցիչ մը ըլլալ այդ ռազմավարութեան:

ԹԱՆԱՓ-ը վերջնականացնելու ուշացումը կրնայ առաջնորդել ներքին հակամարտութեան, որ կը ներառէ կասպեան աւազանին մէջ խողովակաշարի ուղիներու համար մրցիլը:

Բացի ԹԱՆԱՓ-էն, այլ դիմումներ` Շահ Տենիզի կազը Եւրոպական Միութեան յաճախորդներուն հասցնելու, կը ներառէ` Անդրատրէական խողովակաշարը (Յունաստան-Ալպանիա-Իտալիա), Նապուքօ-Արեւմուտք (Թուրքիա-Պուլկարիա-Հունգարիա-Աւստրիա), եւ Հարաւարեւելեան եւրոպական խողովակաշարը (Պուլկարիա-Ռումանիա-Հունգարիա-Խրուաթիա): ՍՕՔԱՐ-ի Ապուլայեւը կ՛ըսէ, թէ բոլոր գաղափարները կը քննարկուին:

Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչները յստակացուցած են, որ իրենք կ՛աճապարեն ուժանիւթի փոխադրութեան նոր ուղի բանալու:

«Մենք կ՛ուզենք երկարատեւ եւ առանց ընդհատումի բանող միջանցք` առանց երթեւեկութեան խճողումի եւ ուշացումներու: ԹԱՆԱՓ-ը աւելի գաղափար, միտք մըն է, քան` մանրակրկիտ կերպով ուսումնասիրուած նախագիծ մը», ըսաւ Ռոլանտ Քոպիա` Պաքուի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավարը, 6 մարտին տրուած մամլոյ ասուլիսի ատեն:

Քոպիայի յայտարարութիւնները կը վկայեն, որ Եւրոպական Միութիւնը տակաւին կը նախընտրէ Նապուքօ-Արեւմուտք ընտրանքը, աւելի նուազ ձեւաչափով տարբերակը երկար ատենէ քննարկուած արտահանման ուղիի մը, որուն կառուցումը կրնայ մինչեւ 10 միլիառ տոլար արժել` ըստ Պաքու տեղեկայուած ուժանիւթի մասնագէտ Իլհամ Շապանի:

Մինչդեռ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներէն ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ Թուրքիայէն ընկերութիւններ, բաժիններ պիտի ունենան Նապուքոյէն, «ԹԱՆԱՓ-ի մէջ, Ազրպէյճան եւ Թուրքիա պիտի վերահսկեն թրքական տարածքէն տարանցումը: Ասիկա եւրոպացիները ատկէ կախեալ պիտի ընէ, եւ Եւրոպական Միութիւնը բացայայտօրէն վստահ չէ, որ կազի մատակարարումը կ՛երաշխաւորուի», ըսաւ Շապան:

Ի վերջոյ, ո՛ր խողովակաշարն ալ որ շահի, Քոպիա զգուշացուց, թէ Պաքու պէտք է աճապարէ ատիկա իրագործելու:

«Ժամանակն է, որ Ազրպէյճան որոշում մը տայ: Աւելի ուշ հնարաւորութիւններու պատուհանները կրնան փակուիլ», ըսաւ ան:

ՇԱՀԻՆ ԱՊՊԱՍՈՎ

«Եուրէյժիանէթ»

Share this Article
CATEGORIES