Թուրքիոյ Յուսախաբութիւնը Սուրիոյ Հետ Ընդդէմ Միացեալ Նահանգներու Յուսախաբութիւնը Իրանի Հետ

Ճիշդ այնպէս, ինչպէս Թուրքիա կ՛ընդլայնէ ճնշումը սուրիական վարչակարգին վրայ` միացնելով ընդդիմութիւնը մէկ հովանի կազմակերպութեան տակ, նպատակ ունենալով ատիկա իբրեւ սուրիացի ժողովուրդին միակ ներկայացուցիչը ճանչցնել, միջազգային հանրութիւնը (Քոֆի Անանի միջոցով) համաձայնութիւն մը գոյացուցած է նախագահ Պաշշար Ասատի հետ:

Դժուար չէ երեւակայելը իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան (ԱԲԿ) գլխաւորած կառավարութեան յուսախաբութիւնը այն պահուն, երբ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրին Սուրիոյ համաձայնութիւնը եկաւ իբրեւ արգելք մը` Ասատի տապալումը արագացնելու իր ջանքերուն:

Ճիշդ այսպէս պէտք էր զգացած ըլլային Միացեալ Նահանգներն ու իրենց դաշնակիցները` երկու տարի առաջ, երբ միջազգային հանրութիւնը (ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի տեսքով) կը պատրաստուէր նոր միջոցառումներ որդեգրելու` աւելցնելու համար ճնշումը Իրանի վրայ, Թուրքիա (Պրազիլի հետ) համաձայնութիւն մը գոյացուց իր դրացիին հետ:

Վերջերս մամլոյ տեղեկութիւններուն մէջ կարդացինք, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ընդդիմանայ իրանցի իր պաշտօնակիցին այն պնդումներուն, թէ Ասատին պէտք է ժամանակ, հնարաւորութիւն տրուի: Էրտողան կ՛ըսէ. «Դուք մեզի կը թելադրէք համբերատար ըլլալ: Բայց մենք որքա՞ն համբերատար պէտք է ըլլանք»:

Այսպիսի խօսք մը, առաւել կամ նուազ չափով, պէտք է լսած ըլլան Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընէն, Պոլսոյ մէջ իրենց ունեցած հանդիպումին ընթացքին: Իրականութեան մէջ Քլինթըն ըսաւ, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրի խաղաղ լուծման հնարաւորութեան համար պատուհանը յաւիտեան բաց պէտք չէ մնայ:

Մենք մամլոյ մէջ նաեւ կարդացինք, թէ ինչպէ՛ս Էրտողան Անանի ծրագիրին հանդէպ իր կասկածը արտայայտած է` ըսելով.  «Ան (Ասատ, Ա.) մեզի տուած իր խոստումները բնաւ չէ յարգած: Ես դոյզն վստահութիւնը չունիմ անոր վրայ»:

Տաւութօղլու իր կարգին ըսած է, որ Ասատ ծրագիրը ընդունած է իբրեւ մարտավարական քայլ մը:

Այս է, որ հաւանաբար Քլինթըն զգացած է, նոյնիսկ եթէ ան ատիկա չէ ըսած Էրտողան-Տաւութօղլու երկեակին, երբ անոնք փորձած են զինք համոզել, որ Իրանի հիւլէական ծրագիրը խաղաղ նպատակներ կը հետապնդէ:

Երկեակին այն հաղորդագրութիւնը, թէ Իրանի հոգեւոր գերագոյն առաջնորդը հաւաքական քանդումի զէնքերը կրօնապէս արգիլուած եւ իսլամութեան դէմ կը նկատէ, ծիծաղելի պէտք է հնչած ըլլան Քլինթընի ականջներուն, ինչպէս որ արտաքին, գործոց նախարար Տաւութօղլու եւ Էրտողանի ականջներուն հաւասարապէս ծիծաղելի հնչած է, երբ անոնք իրանցիներէն լսած են, որ սուրիական տակնուվրայութիւնները սիոնականներուն գործն են:

Բաւական ուշագրաւ է տեսնելը, թէ Թուրքիա ինչպէ՛ս յաջողած է ինքզինք անջատել, խոտորել միջազգային հանրութեան մէջ մեծամասնութենէն:

Իրանի հարցով Անգարա քիչերէն մէկն է (եւ գրեթէ միակը` արեւմտեան ճամբարին մէջ), որ այնքան հասկացողութիւն կը ցուցաբերէ Թեհրանի վիճայարոյց հիւլէական ծրագրին հանդէպ, մինչ Սուրիոյ մէջ ան առանձինն կը մնայ, միայն քանի մը երկիրներու հետ, իր բոլոր գրաւները Ասատի մեկնումին վրայ դրած ըլլալով:

Թուրքիոյ սուրիական քաղաքականութիւնը մասնաւորաբար յատուկ օրինակ մըն է, թէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան «նախաձեռնող» քաղաքականութիւնը վերածուած է անբնական գիր-աշխուժութեան` կանխահասօրէն Թուրքիան նետելով այնպիսի դիրքի մը, ուր ոչ մէկ ընտրանք ունի, բացի առաւել գործուն աշխատելու` Ասատի մեկնումին համար:

Եւրոպայի դիւանագէտ մը Պոլսոյ խորհրդաժողովին ըսաւ. «Ասատ պիտի մնայ իր կարծածէն աւելի քիչ ժամանակ, բայց` մեր կարծածէն աւելի երկար»:

Թուրքիոյ անբնական, յաւելեալ գործուն դիրքորոշումը աւելի դժուար կը դարձնէ այս իրականութեան յարմարիլը:

ՊԱՐՉԸՆ ԵԻՆԱՆՉ

«Հիւրրիյէթ»

Share this Article
CATEGORIES