Տրովադայի Ձիուն Պարը
Թուրքիա փաստօրէն կ՛ուզէր յարգուած իրաւարարը ըլլալ Իրան ընդդէմ Արեւմուտք ֆութպոլի խաղին: Փոխարէնը` Թուրքիա խաղին մէջ գնդա՛կը եղած է: Բայց կայ աւելի՛ն:
Մշակելէ ետք օրինակելի բարեկամութիւն մը, հրապուրիչ, նախանձելի առեւտրական գործառքներ եւ նոյնիսկ «Քազզաֆի միջազգային մրցանակ» մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, արտաքին քաղաքականութեան ղեկին երկու ամէնէն կարեւոր թուրքերը յանկարծ անդրադարձան, որ Լիպիոյ ղեկավար Մուամմար Քազզաֆի անխիղճ բռնատէր մըն էր:
Նոյնպէս, ինը տարի տեւեց, որպէսզի վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու հասկնան, որ Դամասկոսի մէջ իրենց մարդը փաստօրէն բռնատէր է:
«Զարմանալի չէ՞, Ահմեթ, ես միայն այսօր առաւօտեան հասկցայ, որ Սուրիոյ մէջ ժողովրդավարութիւն չկայ»:
«Չի կրնար ճիշդ ըլլալ, վարչապե՛տ, ես միշտ մտածած եմ, որ մեր սուրիացի եղբայրները իրենց երկիրը ղեկավարած են այնպէս, ինչպէս Շուէտի իշխանաւորները կը ղեկավարեն իրենց երկիրը: Բայց, ամէն պարագայի, անձամբ ստուգեմ տեսնելու համար, թէ այս տարաձայնութիւնները ճի՞շդ են»:
Իրաքի հետ մեր եղբայրական յարաբերութիւնները աւելի լաւ վիճակի մէջ չեն: Պաղտատ աւելի քան քանի մը անգամ արտայայտած է (եւ ոչ շատ դիւանագիտական լեզուով) իր զգուշութիւնը իրաքեան քաղաքականութեանց անհամաչափ թրքական միջամտութեան:
«Լսէ՛, Ահմեթ, ես կը կասկածիմ, որ իրաքցիք կրնան իրենք զիրենք հեռու պահել սիւննի թրքական տիրապետութեան գաղափարէն»:
«Վարչապե՛տ, իրաքցիները մեզի խոստացած են բոլոր ժամանակներուն մեր կողքին ըլլալու: Իսլամներ միշտ կը յարգեն իրենց խոստումը: Բայց, ամէն պարագայի, ես անձամբ ստուգեմ տեսնելու համար, թէ իրաքցիները արդեօ՞ք մեզի նման լաւ սիւննի իսլամներ են»:
Եւ բոլորովին վերջերս պարոնայք Էրտողան եւ Տաւութօղլու յայտնաբերած են, տասնամեակ մը տեւած մեղրալուսինէ ետք, թէ «մեր իրանցի եղբայրները» անազնիւ են:
«Ես ամբողջովին ցնցուած եմ, Ահմեթ, որ մեր պարսիկ եղբայրները կը գործեն իբրեւ Սուրիոյ ժողովուրդին թշնամիները: Ես նոյնիսկ աւելի ցնցուած եմ, որ այս իսլամները անազնիւ են»:
«Ատիկա անկարելի է, վարչապե՛տ: Բայց, ամէն պարագայի, ես անձամբ կը ստուգեմ տեսնելու համար, թէ իրանցիները իսլա՞մ են»:
Միայն երեք տարի առաջ, երբ ամբողջ աշխարհը Իրանի նախագահը կը մեղադրէր քուէաթուղթերու զեղծարարութեան համար, պրն. Էրտողան առաջիններէն եղաւ շնորհաւորելու նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատը, անոր վերընտրութեան յաղթանակին համար:
Թուրք-իրանեան յարաբերութիւններու ներկայ վիճակը հաւանաբար լաւագոյնս մեկնաբանուեցաւ Սոլի Էօզելի կողմէ, որ Պոլսոյ Քատիր Հաս համալսարանին մէջ միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է: Ան ըսաւ. «Անոնք իրարու հետ կը պարեն թունաւոր դաշոյններ իրենց ձեռքերուն մէջ»:
Տրովադայի ձիուն պարը: Եւ պարին ամէնէն կշռութաւոր (եւ վտանգաւոր) դրուագը կրնայ ըլլալ, որ արդէն սկսած է:
Միջին Արեւելքի իրողութիւններուն հետ քայլ պահելու իրենց շքեղ, փառաւոր կարողութեամբ, պարոնայք Էրտողան եւ Տաւութօղլու քանի մը տարիէն կրնան նոյնիսկ անդրադառնալ, որ Լիպիոյ նոր իշխանութիւնները, ղեկավարները շառաւիղները չեն Վոլթերի (մասնաւորաբար եթէ Թուրքիա աւելի կորսնցնէ Լիպիոյ մէջ իր քաղաքական եւ տնտեսական կարկտան-քուրջը) ի նպաստ Վոլթերի հայրենիքին:
Տասնամեակ մը եւս տուէ՛ք, եւ թուրք ղեկավարները կրնան նոյնիսկ անդրադառնալ, որ Սէուտական Արաբիա նոյնպէս ժողովրդարութիւն չէ: Կամ` Պահրէյնի մէջ այլ անխիղճ վարչակարգ մը նոյնպէս իր ժողովուրդը կը սպաննէ:
Բոլոր ասոնք ուժգնօրէն պէտք է յիշեցնեն Թուրքիոյ ղեկավարներուն, որ շահարկէ գործնապաշտութեան ու հաւատացեալի կամ վիպապաշտի վերաբերումներուն միջեւ անընդհատ զիկզակելը, ծուռումուռ երթեւեկելը, ինչպէս նաեւ եղբայրական հռետորութիւնը, հիմնուած` կրօնի վրայ (եւ քաղաքական իսլամութեան անխուսափելի բաղկացուցիչը եղող հակաիսրայէլեան բառերու եւ արարքներու), միշտ չեն կրնար տալ ցանկալի քաղաքական արդիւնքները:
Բազմաթիւ լիբանանցիներ, օրինակ, որոնք կ՛աստուածացնեն, կուռքի կը վերածեն պրն. Էրտողանը Իսրայէլի դէմ անոր շղթայազերծած մակերեսային պաղ պատերազմին համար, այլեւս նոյնիսկ չեն յիշեր Տաւոսի մէջ դիտարժան «Մէկ վայրկեան» բեմագրութիւնը: Անոնց համար Թուրքիան այսօր աւելի այն երկիրն է, որ «Էքս» ալիքներով գործող ՕԹԱՆ-ի ռատարը ընդունած է իր հողին վրայ, իր հակաիրանեան հակաշիի, ամերիկամէտ քաղաքականութեամբ: Տաւոսի օրերը աւարտած են: Ասոնք այն օրերն էին, երբ լիբանանցիները լուրերուն մէջ կարդացին, որ` «Իրանէն քարիւղի ներածումը սանձելու վերաբերեալ Ուաշինկթընի տուած հրահանգէն քանի մը ժամ ետք Թուրքիա գործադրեց ատիկա», կամ` «Թուրքիա զէնք կը մատակարարէ սուրիացի ահաբեկիչներուն»:
«Ահմե՛թ, մենք ե՞րբ պիտի աղօթենք Պաղեստինի մայրաքաղաք Քուտսի (Երուսաղէմ. Ա.) Աքսա մզկիթին մէջ»:
«Շուտո՛վ, վարչապետ, շատ շուտո՛վ»:
ՊՈՒՐԱՔ ՊԵՔՏԻԼ
«Հիւրրիյէթ»

