«Հայկական Հարցը Օսմանեան Պետութեան Մէջ. 1878-1923» (Հեղինակ` Տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ) Թարգմանութիւն` Հուրի Ազեզեան

Հրամանաւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան եպս. Սարգիսեանի եւ մեկենասութեամբ տէր եւ տիկին Գաբրիէլ եւ բժշկուհի Անժէլ Չեմպերճեաններու, 2012-ին Հալէպի մէջ, թիւ 15 «Այգ» մատենաշարը «Ոսկետառ» տպարանէն լոյս ընծայեց տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամի «Հայկական հարցը օսմանեան պետութեան մէջ. 1878-1923» պատմագրական գործը:

292 էջերէ բաղկացած սոյն հատորը արաբերէնէ հայերէնի վերածած է հալէպահայ մտաւորական տոքթ. Հուրի Ազեզեան, որ ոչ միայն բերած է իր գործօն մասնակցութիւնը ներկայ հրատարակութեան տպագրական աշխատանքին, այլ գործնապէս ծառայած է նաեւ Բերիոյ թեմի Ընկերային ծառայութեան խորհուրդին, միջեկեղեցական յարաբերութեան եւ Ազգ. իշխանութեանց Քաղաքական ժողովին մէջ:

«Դէպի 100-ամեակ» խորագրեալ իր խօսքին մէջ Շահան եպս. Սարգիսեան շեշտելով անհրաժեշտութիւնը սոյն թարգմանչական աշխատանքին` կ՛ըսէ, թէ հարկ է թարգմանութեան ճամբով ծանօթացնել հայ ժողովուրդին օտարներու վկայութիւններն ու կեցուածքները Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

Իր կարգին, հայրենի պատմաբան փրոֆեսէօր Աշոտ Մելքոնեան իր յառաջաբանին մէջ պաշտպանելով եգիպտացի պատմաբան տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամի` Եղեռնի մասին արտայայտած հայանպաստ կարծիքները, կ՛ըսէ, թէ թուրքերը բռնի կերպով հեռացուցին հայերը իրենց պատմական հողերէն` բնաջնջելով զանոնք աքսորի ճամբաներուն վրայ: Փրոֆեսէօր Մելքոնեան կը հաստատէ նաեւ, թէ 1915 թուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ունէր գլխաւորաբար տնտեսական պատճառ: Թուրքերուն նպատակն էր հայեր ջարդելով` ազատիլ անոնց մրցակցութենէն: Թէ` սփիւռքի գոյութիւնը եղած է հետեւանք թուրքերու կողմէ կատարուած Հայոց ցեղասպանութեան:

Հատորին թարգմանիչը` տոքթ. Հուրի Ազեզեան կը դատապարտէ թուրքերը այն իրողութեամբ, թէ անոնք Եղեռնէն մինչեւ այսօր, ինիսունվեց տարիներ շարունակ կը մերժեն ընդունիլ հայերու դէմ իրենց գործած պատմական ահաւոր ոճիրը, զոր կը նկատեն «ողբերգական դէպք մը» միայն: Թէեւ ներկայիս անոնք տրամադրութիւն կը յայտնեն պարզապէս ուսումնասիրելու «դէպք»-ը` առանց սակայն ընկալելու «ցեղասպանութիւն» սահմանումը:

Հուրի Ազեզեան կ՛ըսէ, թէ թուրք պետութիւնը հակառակ մերժած ըլլալուն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ վաւերագրական բազմազան աղբիւրներ` «չէ կրցած լռեցնել արդարախոյզ կանչերը»: Այս երեւոյթին կենդանի վկայութիւնն է եգիպտացի պատմաբան-հրապարակագիր տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամի ներկայ ուսումնասիրութիւնը, ուր հեղինակը հանգամանօրէն կը բացայայտէ 1878-1923 թուականներուն Թուրքիոյ քաղաքական բեմին վրայ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները` իրենց անհրաժեշտ մանրամասնութեամբ, ներկայացնելով յատկապէս Հայկական հարցին հոլովոյթը` Պերլինէն մինչեւ Լոզան:

Ինչ կը վերաբերի պատմաբան հեղինակի կեանքին եւ գործունէութեան, տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ փիլիսոփայութեան տոքթորայի տիտղոս եւ աստիճան ստացած է Այն Շամս համալսարանէն:

Դասախօս է Աղեքսանդրիոյ համալսարանի արդի եւ ժամանակակից պատմութեան բաժնին մէջ:

Անդամ է Եգիպտական պատմական ուսումնասիրութիւններու ընկերութեան:

Տնօրէն խորհուրդի անդամ է` Գահիրէի Համալսարանի հայագիտական ուսումնասիրութիւններու ամպիոնին:

Խմբագիրը եղած է Գահիրէի հայկական «Արեւ» օրաթերթի` արաբերէն ամսական յաւելուածին:

Խմբագիրն է Գահիրէի «Մասր Հատիսա» պարբերաթերթին եւ ՀԲԸ Միութեան «Արեգ» հանդէսին (արաբերէն լեզուով):

Ստորագրած է յօդուածներ եւ ուսումնասիրութիւններ` «Ահրամ Տուալի»,  «Սիայասա», «Գահիրա», «Հագիգա»  եւ «Թաճամմոհ» պատմագիտական հանդէսներուն մէջ:

Հրատարակած է հետեւեալ ուսումնասիրութիւնները.

«Հայերը Եգիպտոսի մէջ ԺԹ. դարուն» (1995):
«Եգիպտոսի հայկական գաղթօճախի պատմութիւնը» (1999):
«Գահիրէի Օննիկը» 50+1 տարի եգիպտացի հայ ոսկերիչի մը կեանքէն (2001):
«Հայկական հարցը օսմանեան պետութեան մէջ. 1878-1923», (2002): «Հայերը Եգիպտոսի մէջ. 1896-1961» (2002):

Հարկ է յիշել, թէ իր յառաջաբանին մէջ տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաթ Իմամ կ՛ըսէ, թէ թուրք պետութիւնը գործադրելով Հայոց ցեղասպանութիւնը` կը ձգտէր իրականացնել թուրանական ցեղերու միջեւ «մէկ ազգութիւն, մէկ ցեղ» կարգախօսը: Սակայն այս ծրագրին խոչընդոտ կը հանդիսանային կրօնական, ցեղային, քաղաքական եւ տնտեսական տարբեր ըմբռնումներու եւ հաւատալիքներու հետամուտ ոչ թուրք ազգեր, որոնց շարքին կը պատկանէին հայերը: Թուրք ղեկավարները խորապէս դժգոհ հայոց ներկայութենէն` վճռեցին վերջնականապէս ձերբազատիլ անոնցմէ` վտարելով զանոնք իրենց հայրենական հարազատ օճախներէն` բռնագաղթելով եւ արիւնալի ջարդերով:

Պատմաբան Ռիֆաաթ Իմամ կ՛ըսէ, թէ ներկայ հատորը կ՛ընդգրկէ 1878-1923 երկարող շրջանը: Թէ` Հայկական հարցը 1878-ին Պերլինի վեհաժողովին միջազգայնացած եւ վերածուած էր 61-րդ յօդուածի եւ 1923-ի հասած էր իր վախճանին` Լոզանի դաշնագրով:

Վերոյիշեալ հատորը կը բաղկանայ երեք գլխաւոր բաժիններէ:

Առաջին բաժինը կը կոչուի «Համիտեանները եւ հայերը. 1878-1909», ուր հեղինակը կը ներկայացնէ հայ համայնքի կացութիւնը սուլթան Համիտի բռնատիրական օրերուն: Կը նկարագրէ, թէ ի՛նչ պայմաններու տակ տեղի ունեցաւ հայ ժողովուրդին իմացական զարթօնքը, ինչպէ՞ս գործադրուեցան հայկական ջարդերը` Վանի Զէյթունի, Պոլսոյ եւ այլ հայաշատ քաղաքներու մէջ, եւ ինչպէ՛ս կատարուեցաւ Օսմանեան դրամատան կամ «Պանք Օթոման»-ի դէպքը` դաշնակցական յեղափոխական հայերու կողմէ:

Պատմաբան Ռիֆաաթ Իմամ, հատորին «Իթթիհատականները եւ հայերը. 1909-1918» խորագրեալ երկրորդ բաժինով կը հաստատէ այն տխուր իրողութիւնը, թէ իթթիհատականները մաքրագործելով Թուրքիոյ հայ բնակչութիւնը` իրագործեցին քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնը: Կ՛ըսէ նաեւ, թէ Թիֆլիսի մէջ, 1918 թուի մայիս ամսուն հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ արդիւնքն էր թուրք զօրքերու դէմ հայ ժողովուրդին տարած հաւաքական փառաւոր յաղթանակին:

Իսկ հատորին երրորդ եւ վերջին բաժինով,  որ կը կրէ «Քեմալականները եւ հայերը. 1919-1923» խորագիրը, քեմալականները կը տարածեն իրենց բռնատիրութիւնը Թուրքիոյ հայ բնակիչներուն վրայ: Իսկ քաղաքական պայմաններու բերումով Հայաստան մաս կը կազմէ Խորհրդային Միութեան եւ 1923-ին Լոզանի դաշնագրով վերջ կը տրուի Հայկական հարցին:

Աւարտին, յատուկ տեղ տրամադրուած է պատմական նշանակութիւն ունեցող քարտէսներու, իրենց ժամանակագրական կարգով Հայկական հարցի վերաբերեալ կարեւոր դէպքերու, հայ նշանաւոր անձնաւորութիւններու, մատենագիտական ցանկերու եւ թարգմանիչ տոքթ. Հուրի Ազեզեանի կեանքին եւ գործունէութեան:

Արդարեւ, տոքթ. Մոհամետ Ռիֆաաթ Իմամ «Հայկական հարցը օսմանեան պետութեան մէջ. 1878-1923» խորագրեալ պատմագրական իր ուսումնասիրութեամբ, պատմական ճշգրիտ փաստարկութիւններով կը ծանօթացնէ Հայկական հարցը եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը օտարներուն: Այս հանգամանքով, հայանպաստ այս գործը արժանի է իւրաքանչիւր հայու անվերապահ գնահատանքին:

ՅԱԿՈԲ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES