«Եուրոփա Լիկ». Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Սփորթինկ Լիզպոն` Յաղթական
«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի մրցումները հիւրընկալող երկու կազմերը` Աթլեթիքօ Մատրիտ եւ Սփորթինկ Լիզպոն, երէկ գիշեր յաղթանակներ արձանագրեցին, յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Վալենսիան (4-2) եւ Աթլեթիքօ Պիլպաոն (2-1):
Նշենք, որ դարձի մրցումները տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ շաբաթ, երկուքն ալ` Սպանիոյ մէջ:
CATEGORIES Մարզական

