«Վիվասել- Էմ.Թի.Էս.» Կը Ստանձնէ «Լաւագոյն Կառավարիչներ» Մրցանակաբաշխութեան Հովանաւորութիւնը

Արդէն երկրորդ տարին ըլլալով «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը ստանձնեց Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի բարձր հովանիին ներքեւ տեղի ունեցող «Լաւագոյն կառավարիչներ» տարեկան մրցանակաբաշխութեան հովանաւորութիւնը:

Մրցանակաբաշխութեան նպատակն է աջակցիլ Հայաստանի տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզին մէջ գոյութիւն ունեցող կառավարիչներու որակաւորման բարձրացման, ինչպէս նաեւ առեւտուրի կառավարման ունակութիւններու եւ ձիրքերու բարելաւման` կարելիութիւն տալով անոնց մասնակցիլ վերաորակաւորման դասընթացքներու աշխարհի բարձր վարկանիշ ունեցող յառաջատար համալսարաններուն մէջ: Մրցումին կրնան մասնակցիլ աւելի քան 10 տարուան փորձառութիւն ունեցող այն կառավարիչները, որոնք կ՛աշխատին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ արձանագրուած տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի ընկերութիւններուն մէջ:

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան այս առիթով նշեց, որ տեղեկատուական արհեստագիտութեան մարզի բարձր արդիւնաւէտութեան ապահովման համար անհրաժեշտ են բարձրակարգ տեղեկատուական արհեստագիտութեան կառավարիչներ, որոնք  կրնան փոփոխութիւններ մտցնել եւ նորարարութիւն բերել թէ՛ արհեստագիտութեան եւ թէ՛ կիրառական գիտութեան ու կառավարումի մարզերուն մէջ: Ան աւելցուց, որ վերաորակաւորումը երկարաժամկէտ զգալի ներազդեցութիւն պիտի ունենայ ոչ միայն այն ընկերութիւններուն վրայ, որոնցմէ ընտրուած են կառավարիչները, այլեւ աւելի լայն` ամբողջ մարզին վրայ` երկրին մակարդակով:

Share this Article
CATEGORIES