Փինկ Փոնկ. Աւօ Եւ Դուին Մումջողլեաններ Տիրացան Երեք Ոսկի Մետալի
Պուլկարիոյ մայրաքաղաք Սոֆիայի մէջ տեղի ունեցած փինկ փոնկի հայկական խաղերուն, ՀՄԸՄ Պէյրութի եւ Լիբանանի ազգային խումբերուն մաս կազմող Աւօ եւ Դուին Մումջողլեաններ Պէյրութ վերադարձան երեք ոսկի մետալով:
Աւօ Մումջողլեան տիրացաւ տղոց անհատական, իսկ Դուին Մումջողլեան` աղջկանց անհատական մրցումներուն տիտղոսին:
Այդ երկուքէն բացի, անոնք խառն զոյգի մրցումներուն եւս հանդիսացան առաջին:
Եթէ Աւօ Մումջողլեանի համար այս մրցաշարքը կը նկատուէր սովորական, անդին Դուին Մումջողլեանի համար, անիկա կարեւոր նշանակութիւն ունէր, որովհետեւ ան կը փորձէ առաւելագոյն ձեւով պատրաստուիլ Լոնտոնի 2012-ի Ամառնային ողիմպիական խաղերուն, որոնց իր տոմսը ապահոված է ան:
CATEGORIES Մարզական

