Հարաւային Սուտանը «Ազատագրել» Ձգտելով` «Կամ Մենք Ժուպա Կը Հասնինք, Կամ Դուք Խարթում Կը Հասնիք» Կ՛Ըսէ Պաշիր
Սուտանի նախագահ Օմար Հասան Պաշիր յայտնեց, որ Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը ազատագրուելու կարիքը ունի: Ան ըսաւ, որ իր գլխաւոր նպատակը Հարաւային Սուտանի ժողովուրդը «ազատագրելն» է իր վրայ իշխողներէն:
Սուտանի ժողովուրդի ազատագրութեան շարժումը յուլիս 2011-էն ի վեր կ՛իշխէ Հարաւային Սուտանին: Պաշիր այդ շարժումին անդամները նկատեց «միջատներ», որոնք պէտք է բնաջնջուին:
Երկու երկիրներուն միջեւ վերջերս ծայր առած բախումները այլ շրջաններու վրայ տարածուեցան` բարձրացնելով համապարփակ պատերազմի վտանգը: Հարաւային Սուտան ութ օր առաջ գրաւեց Հեժլիժի քարիւղի հանքը, որ ընդհանրապէս սուտանական տարածք կը նկատուի: Բախումները ընթացք առին երեքշաբթի օր:
Նախագահ Պաշիր իր կուսակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտնեց, որ «մենք կ՛ըսենք, որ անիկա (Սուտանի ժողովուրդի ազատագրութեան շարժումը) հիւանդութեան վերածուած է: Հիւանդութիւն մը` մեզի եւ Հարաւային Սուտանի քաղաքացիներուն համար: Հիմնական նպատակը այդ միջատներէն ազատագրուիլը եւ, Աստուծոյ կամքով, անոնցմէ միանգամընդմիշտ ձերբազատիլը պէտք է ըլլայ»:
Ան ըսաւ, որ շարժումին հետեւեալ պատգամը կ՛ուղղէ. «Կամ մենք Ժուպա (Հարաւային Սուտանի մայրաքաղաքը. «Ա.») կը հասնինք եւ ամէն ինչ կ՛առնենք, կամ դուք Խարթում կը հասնիք եւ ամէն ինչ կ՛առնէք»:
Սուտանի նախագահի այս յայտարարութիւններէն ետք Հարաւային Սուտանի տեղեկատուութեան նախարար Պառնապա Մարիալ Պենճամին ԱՖՓ լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ «այս հարցը միայն Ափրիկեան միութեան հետ բանակցութեան ճամբով կրնանք լուծել»:


