«Սուրիոյ Տագնապի Լուծումը Կը Կայանայ Մարդասիրական Միջանցքներու Հաստատումով, Որ Ընդդիմութեան Գոյութեան Շարունակումը Կ՛Արտօնէ» Կ՛Ըսէ Սարքոզի

Նիքոլա Սարքոզի

«Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովը երէկ Փարիզի մէջ դռնփակ նիստ մը գումարեց` քննարկելու համար շարք մը առաջարկներ, ներառեալ` սուրիական վարչակարգին դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը:

Նիստի սկիզբէն առաջ Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզի յայտարարեց, որ Սուրիոյ տագնապի լուծումը կը կայանայ մարդասիրական միջանցքներու հաստատումով, որ ընդդիմութեան գոյութեան շարունակումը կ՛արտօնէ: Ան ըսաւ, որ «Պաշշար Ասատ ստախօս է… կ՛ուզէ Հոմսը քարտէսէն ջնջել, ճիշդ ինչպէս Քազզաֆի ուզեց Պենկազին քանդել»:

Սարքոզի ըսաւ, որ «այս ժողովը հրաւիրեցինք ի մի խմբելու համար բոլոր անոնք, որոնք բռնատէրի մը կողմէ իր ժողովուրդին սպանութիւնը տեսնելը չեն հանդուրժեր»:

Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ժերար Լոնկէ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ «Սուրիոյ կացութեան թղթածրարը Արաբական լիկայի հետ համակարգումի հիմամբ ներկայիս ՄԱԿ-ի մէջ է, եւ եթէ Ապահովութեան խորհուրդէն որոշում մը հրապարակուի, այն ատեն կրնանք ՕԹԱՆ-ի դերակատարութեան կարելիութիւնները քննարկել»:

Ռուսիոյ նախագահի Միջին Արեւելքի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով յայտնեց, որ Փարիզի մէջ «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու խորհրդաժողովին նպատակը ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ տարակարծութիւնները խորացնելն է: Ան նշեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան իր մասնակցութիւնը պիտի բարձրացնէ չորսի:

Նշենք, որ Զուիցերիա յայտարարեց, որ 6 սպաներով պիտի մասնակցի դէտերու առաքելութեան, իսկ Եմէն իր կարգին յայտնեց, որ դէտերու կազմին միանալու համար 10 սպաներու թեկնածութիւնը ներկայացուցած է:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ Պրիւքսէլի մէջ Ռուսիա-ՕԹԱՆ ժողովէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Ռուսիա Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութեան աջակցող Քաթարի կեցուածքը չէ հասկցած` նշելով, որ այդ ծիրին մէջ «գոյութիւն ունին կողմեր, որոնք կը փորձեն Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անանի ծրագիրը թաղել, նախքան անոր հասուննալը»:

Մինչ այդ, երէկ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին մէջ Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի դէտերու աշխատանքը կանոնաւորող առաջին փոխադարձ հասկացողութեան փաստաթուղթը ստորագրուեցաւ: Սուրիական կողմէն փաստաթուղթը ստորագրեց արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ, իսկ դէտերուն կողմէ` զօր. Կուհա Ապհիժիթ:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ յայտնեց, որ միջազգային դէտերու առաքելութիւնը Սուրիոյ մէջ ազդու կերպով գործելու համար պէտք է 300 կամ 400 անդամներէ բաղկացած ըլլայ: Ան նշեց, որ «եթէ միջազգային պատուիրակ Քոֆի Անանի խաղաղութեան ծրագիրը ձախողի, ապա Սուրիոյ մէջ բռնարարքները դադրեցնելու միջոցառումները պիտի քննարկենք»:

Անանի տեղակալը յայտնեց, որ անհրաժեշտ է արագ կերպով Սուրիա աւելի մեծաթիւ դէտեր ուղարկել: Ապահովութեան խորհուրդը երէկ սկսաւ քննարկել Սուրիոյ մէջ 300 դէտեր տեղակայելու Անանի յանձնարարութիւնը: Ան իր յանձնարարագիրին մէջ նշած էր, որ Սուրիոյ մէջ «յառաջդիմութեան առիթ գոյութիւն ունի»` նշելով, որ «յստակ է», թէ զինադադարը «ոչ ամբողջական է»:

Share this Article
CATEGORIES