Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Հըզպալլայի նպատակներուն իրականացումին բոլոր խոչընդոտները կու գան Մուսթաքպալ հոսանքէն:
ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Փանոս Մանճեան յայտնեց, որ կառավարութիւնը մինչեւ 2013 եւ թերեւս ալ անկէ աւելի պիտի գոյատեւէ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթի նախկին խմբագրապետ Ղասսան Թուէյնի փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Ըստ Մարոնի համայնքի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենի, Թուէյնիի առողջական վիճակը կայուն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը արեւելեան Սայտայի Պքասթա գիւղաքաղաքի քարայրներուն մէջ պահուած զէնք եւ զինամթերք կ՛որոնէ:
ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանին մէջ գումարուած է ժողով մը, որուն ընթացքին պահանջուած է Թրիփոլիի քաղաքապետին հրաժարականը:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ իրենք երբեք քաջալերուած չեն լիբանանեան ծերակոյտ մը հիմնելու գաղափարով: Ան աւելցուց նաեւ, որ ներկայիս պայմանները անյարմար են համայնքային դրութեան վերջ տալու իմաստով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ արտասանուած խօսքերը ոչ մէկ արդիւնքի պիտի յանգին:
Ան շեշտեց, որ կարելի պիտի չըլլայ հաստատութենական պետութիւն մը հիմնել, նախքան չարիքի անէացումը:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը կը նեղացնէ լիբանանեան որոշ կողմեր, հետեւաբար պէտք է կառչած մնալ լիբանանեան ներքին համախոհութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Հատի Հպէյշ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի Աքքար այցելութիւնը հետախուզական բնոյթ ունէր:
ԵՐԷԿ կէսօրէ ետք հարաւային Լիբանանի Պընթ Ժպէյլ շրջանի սահմանամերձ իսրայէլեան բնակեցման վայրերուն մէջ իսրայէլեան ուժերը ահազանգ հնչեցուցած են` խուճապի մատնելով բնակեցման վայրերուն բնակիչները:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ ուղղուեցաւ Պոլիս:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ աւարտեց Հռոմ կատարած իր այցելութիւնը` կոչ ուղղելով առաջադրելու եւրոպական եւ միջազգային նախաձեռնութիւններ, որոնք կ՛երաշխաւորեն աւելի լաւ աշխարհի մը գոյութիւնը:
ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ սալաֆական շարժումի ղեկավարներէն շէյխ Օմար Պաքրի Ֆըսթոք կոչ ուղղեց սալաֆականներուն փողոց իջնելու եւ պահանջելու իսլամական բոլոր արգելափակեալներուն ազատ արձակումը:

