Սլէյման Ֆրենժիէ Ընդունեց Մըրատը

Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ երէկ Պնաշյիի մէջ ընդունեց Իթթիհատ կուսակցութեան ղեկավար, նախկին նախարար Ապտել Ռահիմ Մըրատը:

Հանդիպումէն ետք Մըրատ յայտնեց, որ Ֆրենժիէ մտերիմ բարեկամ է` աւելցնելով, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են լիբանանեան, շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները:

Մըրատ նշեց նաեւ, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ խորհրդարանի լիագումար նիստին ընթացքին արձանագրուած բանավէճերն ու ցեխարձակումները: «Բայց եւ այնպէս մենք գիտենք, որ կառավարութիւնը խորհրդարանի վստահութեան քուէն կը վայելէ եւ պէտք է օգտուի իրեն ուղղուած շինիչ քննադատութենէն»:

Անդրադառնալով շրջանային իրադարձութիւններուն` Մըրատ յայտնեց, որ իրենց համար կարեւորը Սուրիոյ հետ երկկողմանի յարաբերութիւններն են` աւելցնելով, որ Լիբանան չէզոք պէտք չէ մնայ դէպի Սուրիա զէնքի եւ զինեալներու մաքսանենգումի հարցէն, ինչպէս նաեւ պէտք է հեռու մնայ Սուրիոյ տագնապին առնչութեամբ ներքին միջամտութիւններէ:

Մըրատ յայտնեց, որ Սուրիա կրցած է տապալել իրեն դէմ նիւթուած դաւադրութիւնը` յաջողութիւն մաղթելով Սուրիոյ մէջ միջազգային եւ արաբական պատուիրակ Քոֆի Անանի նախաձեռնութեան:

 

Share this Article
CATEGORIES