Զօր. Աուն – Ալի Հանդիպում
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող հարցերն ու լիբանանեան-սուրիական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Ալի յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ կը փափաքի Սուրիոյ մէջ բարեկարգումները ամբողջական եւ ուսումնասիրուած կերպով գործադրել:
Ալի նշեց, որ Սուրիա մնայուն կերպով փոփոխութեան ընթացքի մէջ է` աւելցնելով, որ Սուրիա կրցած է ձերբազատիլ իր դէմ գործուած դաւադրութենէն եւ ահաբեկչութենէն:
«Սուրիացի ժողովուրդը իր մեծամասնութեամբ փաստեց, որ յանձնառու է Սուրիոյ ազգային միասնականութեան, կառչած կը մնայ իր ազգային գերիշխանութեան, ինչպէս նաեւ արաբական դատերուն պաշտպան հանդիսանալու իր կեցուածքին», ըսաւ ան:

