Պաապտայի Արդարութեան Պալատին Դէմ` Երեք Դատաւորներ Սպաննելու Սպառնալիք

Լիբանանեան դատական իշխանութեանց յատուկ աղբիւրներ շեշտեցին, որ ներքին ապահովութեան ուժերու Ալէյի ջոկատը անծանօթ թիւէ մը ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն հիման վրայ յայտնուած է, թէ կան տեղեկութիւններ, որ Պաապտայի Արդարութեան պալատին մէջ գործող երեք դատաւորներ պիտի սպաննուին:

Նոյն աղբիւրները նշեցին նաեւ, որ դատական իշխանութիւնները նախազգուշական իրենց բոլոր միջոցառումները որդեգրած են` հետապնդելու համար այդ տեղեկութիւնները եւ հասնելու համար անոնց աղբիւրին:

 

Share this Article
CATEGORIES