Նախագահ Սլէյման Հասաւ Մելպուռն

Նախագահ Սլէյման` Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգի խորհրդարանի նախագահին կողմէ դիմաւորուելու պահուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ շարունակեց Աւստրալիա իր կատարած պաշտօնական այցելութիւնը, որուն շրջագիծին մէջ այցելեց Վիքթորիա նահանգը:

Նախագահին ընկերակցեցան Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյման, փոխվարչապետ Սամիր Մուքպել եւ նախարարներ Ուալիտ Տաուք, Ղազի Արիտի եւ Ատնան Մանսուր:

Մելպուռնի մէջ նախագահ Սլէյման հանդիպումներ ունեցաւ մեծ թիւով պետական եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

Նախագահ Սլէյման հանդիպում մը ունեցաւ նահանգի խորհրդարանի նախագահ Պրուս Էթքինսընի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

«Սաֆիր» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն հանդարտ եւ խաղաղ բառամթերք որդեգրելու:

Միւս կողմէ, ան ողջունեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի կողմէ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքին նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցական կեցուածքը:

Նախագահ Սլէյման աւելցուց, որ ինք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` սահմանադրութեան վրայ հիմնուելով յաջողեցնելու համար այդ դրութեան որդեգրումը:

«Ո՛վ որ այսօր համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական օրէնքը բացայայտօրէն կը մերժէ, աւելի ուշ պիտի զօրակցի այդ օրէնքին», ըսաւ նախագահ Սլէյման:

Նշենք, որ նախագահ Սլէյման յայտնեց, որ տակաւին կարելի չէ ըսել, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի դէմ գործուած արարքը մահափորձ է` աւելցնելով, որ այդ թղթածրարը կը գտնուի լիբանանեան դատական իշխանութեան մօտ, որ կը հետապնդէ հետաքննութիւնը:

Նախագահ Սլէյման նաեւ ընդգծեց, որ Լիբանան մնայուն կերպով Դիմադրութեան զէնքէն օգտուած է, որովհետեւ անիկա ուղղուած է Իսրայէլի դէմ:

Նախագահ Սլէյման շեշտեց նաեւ Լիբանանի պետական պիւտճէի նախագիծին վաւերացման անհրաժեշտութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES