Խորհրդարանը Գումարեց Փոթորկոտ Նիստ Մը` Ամբողջ Օրուան Ընթացքին
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ երրորդ օրն ըլլալով եւ ամբողջ օրուան ընթացքին նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որ եղաւ փոթորկոտ նիստ մը` լեցուն վարկաբեկիչ արտայայտութիւններով եւ ցեխարձակումներով:
Առաւօտեան նիստին ընթացքին բանավէճ մը եւ փոխադարձ վարկաբեկումի պոռչտուք մը արձանագրուեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Ալեն Աունի եւ Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթի միջեւ:
Երեսփոխան Աունի ելոյթին ընթացքին Ֆաթֆաթ միջամտեց, ինչ որ մղեց Աունը զայն ստախօս անուանելու եւ այսպիսով հարցը վերածուեցաւ փոխադարձ ցեխարձակումի:
Այս բանավէճը մղեց, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ փորձէ լքել դահլիճը:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անձամբ միջամտեց կասեցնելու համար բանավէճը եւ շեշտեց, որ համայնքային պատկանելիութենէն առաջ Լիբանանն է, որ զիրենք կը միացնէ:
Պըրրի անմիջապէս զրոյց մը ունեցաւ երեսփոխան Ժեմայէլի հետ եւ անոր յայտնեց, որ խորհրդարանին մէջ պարզուած այս պատկերը իրեն համար ալ զզուելի է:
Առաւօտեան նիստին ընթացքին երեսփոխան Եասին Ժապեր արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ շինիչ քննադատութիւն ուղղեց կառավարութեան:
Միւս կողմէ, երեսփոխան Զիատ Քատիրի կառավարութեան դէմ յարձակողական ճառ մը արտասանեց:
Իրենց կարգին, երեսփոխաններ Ղասսան Մուխայպեր եւ Թամմամ Սալամ արտասանեցին խօսքեր, որոնց շրջագիծին մէջ անոնք շինիչ կշռոյթով քննադատեցին կառավարութիւնը:
Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ, երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կառավարութեան նման կառավարական կազմի մը գոյութիւնը լաւագոյն առիթն է զայն հրապարակաւ քննադատելու:
Երեսփոխան Խալետ Տահեր իր կարգին շեշտեց, որ Հըզպալլայի զէնքին գոյութեան շրջագիծին մէջ կարելի չէ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւն կատարել: Ան Լիբանանի կառավարութիւնը որակեց ոչ ժողովրդավարական եւ անոր քաղաքականութիւնը նկատեց թեթեւամիտ քաղաքականութիւն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ամմար ընդգծեց, որ քաղաքականութիւնը երբեք չէ կեղտոտած զօր. Միշել Աունը, որ մնայուն կերպով պահպանած է իր արժանապատուութիւնը:
Երեկոյեան նիստը սկսաւ երեկոյեան ժամը 6:00-ին: Նիստին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն:
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Դիմադրութեան զէնքը ուղղուած է Իսրայէլի դէմ եւ իբրեւ այդպիսին, անիկա լիբանանցիներուն մեծամասնութեան համար ապահովութիւն կը ներշնչէ, որովհետեւ անիկա զիրենք կը պաշտպանէ իսրայէլեան բռնարարքներէն եւ բռնագրաւումի ախորժակներէն:
«Ո՛վ որ կը փափաքէր Դիմադրութեան զէնքը թիրախ դարձնել եւ չկրցաւ զայն թիրախ դարձնել, ներկայացաւ այնպէս մը, որ ինք կը վախնայ այդ զէնքէն եւ սկսաւ իրեն հետ վախի մատնել նաեւ լիբանանցիները», ըսաւ ան:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ իր խօսքին մէջ ցաւ յայտնեց խորհրդարանին մէջ զրոյցին եւ բանավէճերուն հասած ցած մակարդակին համար:
Ան ակնարկեց նախարար Նիքոլա Ֆաթթուշի քարահանքերուն համար յատկացուած հատուցումին` աւելցնելով, որ այդ գումարը կարելի է օգտագործել` բարելաւելու համար լիբանանեան գիւղաքաղաքները:
Ժեմայէլ պահանջեց կառավարութեան վստահութեան քուէն վերատեսութեան ենթարկել:
Երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիին` նիստերը կառավարելու առումով, եւ աւելցուց, որ պէտք է որդեգրել այնպիսի ընտրական օրէնք մը, որ արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն:
Երեկոյեան նիստին ընթացքին խօսքեր արտասանեցին նաեւ երեսփոխաններ Պութրոս Հարպ, Իպրահիմ Քանաան, Հատի Հպէյշ, Ահմետ Ֆաթֆաթ եւ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա:
Երէկ կէս գիշերին խորհրդարանը կայացուց իր եզրափակիչ նիստը, որուն ընթացքին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի ներկայացուց իր կառավարութեան պաշտպանողականը: Ան ըսաւ, որ կառավարութեան որդեգրած` Սուրիոյ հարցերուն նկատմամբ չէզոք մնալու որոշումը զուտ լիբանանեան որոշում է, որ պարտադրուած է մէկ կողմէ Սուրիոյ եւ միւս կողմէ արաբական երկիրներուն հետ Լիբանանի ունեցած յարաբերութիւններուն բերմամբ:
Միքաթիի պաշտպանողական ճառէն ետք տեղի ունեցաւ վստահութեան քուէարկութիւն: Կառավարութեան վստահութիւն յայտնեցին 63 երեսփոխաններ, իսկ 3 հոգի դէմ քուէարկեցին:


