Թուրքիոյ Մէջ 1909-Էն Ի Վեր Սպաննուած Են 112 Լրագրողներ, Որոնցմէ 33-ը Հայեր

«Մարմարա» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ 1909-էն ի վեր սպաննուած են 112 լրագրողներ, որոնց մէջ մեծ թիւ կը կազմեն հայերն ու քիւրտերը:

«Ձերբակալեալ լրագրողներու համերաշխութեան հարթակ»-ի մամլոյ բանբեր Նեճաթի Ապայ ներկայացուցած է 1909-էն ի վեր սպաննուած լրագրողներու ցանկը: Թուրքիոյ մէջ սպաննուած առաջին լրագրողն է Հասան Ֆեհմի, որուն մահուան օր նկատուող 6 ապրիլը կազմակերպութիւնը կը նշէ իբրեւ «Սպաննուած լրագրողներու յիշատակի օր»:

Ըստ Ապայի, լրագրողներու մեծամասնութիւնը սպաննուած է 1970-ական, 1980-ական եւ 1990-ական թուականներուն: Հայ գրողներու եւ լրագրողներու մեծամասնութիւնը սպաննուած է 1915-ի ողբերգութեան օրերուն, միակ բացառութիւնն է Հրանդ Տինք, որ Թուրքիոյ մէջ սպաննուած 33-րդ հայազգի լրագրողն է:

«24 ապրիլ 1915-ին, Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած ու աքսորուած 220 հայ մտաւորականներուն մէջ կային 32 լրագրողներ եւ գրողներ: Անոնք բոլորն ալ սպաննուեցան աքսորի ընթացքին, Գրիգոր Զօհրապ, Սիամանթօ, Սարգիս Մինասեան, Արմէն Տորեան, Ռուբէն Զարդարեան: Անոնցմէ շատերուն գերեզմանի տեղն իսկ յայտնի չէ: 2007-ին սպաննուած Հրանդ Տինք այդ թիւը 33-ի բարձրացուց», նշած է Նեճաթի Ապայ:

1990-1994-ին սպաննուած են 18 թուրք լրագրողներ: 30 մայիս 1992-ին հիմնուած էր «Ազատ օրակարգ» (Էօզկիւր կիւնթեմ) թերթը, որ յարձակումներու թիրախ էր եւ որ փակուեցաւ ապրիլ 1994-ին:

Կազմակերպութիւնը հրապարակեց նաեւ 112 հոգիէ բաղկացած ցանկը:

 

Share this Article
CATEGORIES