«Մենք Մինչեւ Իսկ Հայերուն Հետ Բարեկամանալ Փորձեցինք» Կ՛Ըսէ Արընչ
Թրքական «Հապերլեր» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Արընչ Ուլուտաղի համալսարանին մէջ «Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնն ու ժողովրդական դիւանագիտութիւնը» խորագիրով խորհրդաժողովին ընթացքին արտասանած իր խօսքին մէջ անդրադարձած է դրացիներու հետ «զերօ խնդիրներ» ունենալու քաղաքականութեան եւ յայտարարած, որ այդ քաղաքականութիւնը յաջողած է:
«Մեր աւագները կ՛ըսէին` մենք 3 կողմերէ ծովով եւ 4 կողմերէ թշնամիներով շրջապատուած երկիր ենք: Մենք փոխեցինք այդ կարծրատիպը եւ բարեկամութիւն հաստատեցինք Սուրիոյ, Իրանի եւ Իրաքի հետ: Մինչեւ իսկ հայերուն հետ արձանագրութիւններ պատրաստեցինք, սակայն որովհետեւ տակաւին եղբայրական Ազրպէյճանի բռնագրաւումը կը շարունակուի, մենք մեր դռները չբացինք», ըսած է ան:
Խորհրդաժողովի ընթացքին համալսարանին մօտ 40 անձեր Արընչի դէմ բողոքի ցոյց կազմակերպած են: Անոնք ուզած են անոր իբրեւ «երկրորդ կարգի լաւագոյն դերասան» Օսքարի մրցանակ յանձնել, սակայն ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացած է:


