Ազրպէյճանական Մասնայատուկ Ուժեր Հիւսիսային Կիպրոսի Մէջ Գաղտնի Ռազմափորձեր Կը Կատարեն

Յունական Defencenet կայքէջը` վկայակոչելով հաւաստի աղբիւրներ, կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ Փենթաթաքտիլոսի լեռնային շրջաններուն մէջ (Այոս Իլարիոն բերդի մօտակայքը) Ազրպէյճանի մասնայատուկ ուժերու անդամները գաղտնի ռազմափորձեր կը կատարեն:

«Ազատ օր» կը հաղորդէ, որ ժայռերով, խոր կիրճերով եւ խիտ անտառներով, նշեալ տարածքը շատ յարմար է ռազմափորձերու համար: Մարզումները կը կատարուին Հիւսիսային Կիպրոսի զինուած ուժերու հրամանատարութեան կողմէ տրամադրուած զինուորական սարքաւորումներով:

Ըստ Defencenet-ի, 40 օրուան ռազմափորձերը պիտի վերահսկուին թրքական բանակի սպաներու կողմէ: «Թուրքերն ու ազրպէյճանցիները նոյն ազգին կը պատկանին, եւ անոնց թիրախը Հայաստանն է», կը նշէ կայքէջը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES