Հիւլէական Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Ընդհանուր Տնօրէնը` Հայաստանի Մէջ
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ընդհանուր տնօրէն Եուքիա Ամանոն:
Ողջունելով հիւրը` հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց, որ հիւլէական ուժանիւթը Հայաստանի համար ունի կենսական նշանակութիւն եւ Հայաստան մեծապէս կարեւոր կը նկատէ Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան հետ համագործակցութիւնը` զայն նկատելով Հայաստանի ուժանիւթի եւ հիւլէական անվտանգութեան կարեւոր բաղկացուցիչ:
Եուքիա Ամանօ նշեց, որ գործակալութիւնը եւ Հայաստան ունին միասնական նպատակ` ատիկա գործող կայանի ապահովութեան միջոցառումներու շարունակական ամրապնդումն է եւ նոր կայանի կառուցման շուրջ սերտ համագործակցութիւնը:
Իր կարգին, նախարար Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան տնօրէն Եուքիա Ամանոն:
Ողջունելով հիւրը` նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան կարեւորութիւն կու տայ գործակալութեան հետ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան զարգացման` զայն դիտարկելով նաեւ իբրեւ Հայաստանի ուժանիւթի եւ հիւլէական անվտանգութեան կարեւորագոյն բաղադրիչ:
Նախարար Նալբանդեան նշեց նաեւ մարտ ամսուն նախագահ Սարգսեանի մասնակցութիւնը Սէուլի մէջ հիւլէական անվտանգութեան վեհաժողովի աշխատանքներուն, որոնք վերահաստատեցին գործակալութեան կեդրոնական դերը համաշխարհային հիւլէական անվտանգութեան գործուն մեքանիզմներ ստեղծելու ուղղութեամբ:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` Եուքիա Ամանօ նշեց, որ գործակալութիւնը կարեւոր կը նկատէ համագործակցութիւնը Հայաստանի մէջ հիւլէական անվտանգութեան մարզին մէջ եւ զանիկա բաւական արդիւնաւէտ որակեց:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ գործակալութեան միջեւ համագործակցութեան Մեծամօրի հիւլէական կայանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ նոր հիւլէական կայանի կառուցման, հիւլէական անվտանգութեան առնչուող հարցերուն: Այդ ծիրին մէջ Էդուարդ Նալբանդեան նշեց նաեւ, որ Հայաստան` հանդիսանալով հիւլէական արհեստագիտութեան տիրապետող երկիր, միացած է այդ մարզը կարգաւորող շարք մը միջազգային իրաւական փաստաթուղթերու, ինչպէս նաեւ միացած է Եւրոպական Միութեան նախաձեռնած հիւլէական ելեկտրակայաններու վտանգներու գնահատման փորձարկումներուն:
Էդուարդ Նալբանդեան եւ Եուքիա Ամանօ միտքեր փոխանակեցին միջազգային մակարդակով գործակալութեան կողմէ հիւլէական ապահովութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն:


