ՀՅԴ Իր Նախընտրական Ծրագիրը Կը Ներկայացնէ Առողջապահութեան Մարզի Աշխատակիցներուն

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Լոքեան երէկ առողջապահութեան մարզի ներկայացուցիչներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց, որ  ՀՅԴ-ն հանրութեան կը ներկայացնէ իր նախընտրական ծրագիրը, որպէսզի նախանշէ յառաջիկայ հինգ տարուան ուղեգիծը, որով պէտք է ուղղորդէ հայ ժողովուրդը:

Անդրադառնալով ՀՅԴ-ի գաղափարական ուղեգիծին` ան ընդգծեց, որ ՀՅԴ-ն ազգային-ընկերվարական կուսակցութիւն է: «Այսօրուան աշխարհը կ՛ապացուցէ, որ որեւէ երկիր, որեւէ ժողովուրդ պէտք է ունենայ այդպիսի կուսակցութիւն, որպէսզի կարենայ յարատեւել, որպէսզի կարենայ իր արժէքային համակարգը պահպանել: ՀՅԴ-ի ազգային-արժէքային համակարգը շատ կարեւոր է մեր ժողովուրդին համար, եւ այսօր, երբ բոլորս կը տեսնենք աշխարհասփիւռ մեր հայրենակիցները, որոնք աշխարհի տարբեր գաղթօճախներուն, պետութիւններուն մէջ կը կարենան ստեղծել լուրջ լոպիինկ աշխարհի մեծագոյն կեդրոններուն մէջ, որոնք կը կարենան իրագործել արտաքին քաղաքական ուղեգիծը, ատիկա մեր ազգային գաղափարախօսութեան հետեւանքն է», նշեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը:

Ըստ անոր, ազգային գաղափարախօսութեան սկզբունքային հարց է` ունենալ հզօր պետութիւն, ուր ժողովուրդը կրնայ բարեկեցիկ ապրիլ եւ իր շարունակականութիւնը ապահովել: Եւ անոր համար անհրաժեշտ է  հասարակութեան ամէնէն մտաւորական ու պատրաստուած մասին` առողջապահութեան համակարգի ներկայացուցիչներուն օժանդակութիւնը:

Յայտնենք, որ երէկուան հաւաքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի առողջապահութեան յանձնախումբը առողջապահութեան մարզի աշխատակիցներուն ներկայացուց ՀՅԴ նախընտրական ծրագիրը, որուն 146 կէտէն 13-ը կը վերաբերին առողջապահութեան մարզին:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, ներկայացնելով ծրագիրի առողջապահական հատուածը, նշեց, որ ՀՅԴ-ն կը նախատեսէ առողջութեան վնաս հասցնող ապրանքատեսակներէն` արագ սնունդ, ծխախոտ, բջիջային հեռաձայններ, յաւելեալ հարկեր գանձել եւ այդ միջոցներուն հաշուոյն առողջապահութեան հիմնադրամ ձեւաւորել: Երկրորդ կարեւոր գործողութիւնը կը վերաբերի առողջապահութեան մարզի աշխատակիցներու աշխատավարձերուն:

Ան շեշտեց, որ պիտի բարձրանան առողջապահութեան համակարգի աշխատակիցներու աշխատավարձերը` քառապատկուելով եւ  միջին աշխատավարձը հասցնելով 500 հազար դրամի:

ՀՅԴ-ն կ՛առաջարկէ նաեւ առողջապահութեան մարզի աշխատակիցները ներառել հանրային ծառայողներուն տրուող ընկերային ծրարի ծրագիրին մէջ եւ յառաջիկայ հինգ տարիներուն 5 անգամ ընդլայնել այդ ծրարը:

Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ի առաջարկած շատ կարեւոր կէտ մըն ալ կը վերաբերի մարզերուն եւ հեռաւոր բնակավայրերուն մէջ աշխատող բժշկական անձնակազմին արտօնութիւններ տրամադրելուն: Ասով ՀՅԴ-ն պիտի փորձէ մայրաքաղաքին եւ մարզերուն մէջ բժշկական ծառայութիւններու որակը եւ արդիւնաւէտութիւնը նոյն մակարդակին հասցնել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES