Հանրապետական Ժողովուրդի Կուսակցութիւնը Պիտի Քննարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցը

Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմինը չորեքշաբթի օր իր ղեկավար Քեմալ Քըլըճտարօղլուի նախագահութեամբ գումարուած ժողովի մը ընթացքին բազմաթիւ այլ հարցերու կողքին որոշած է քննարկումի ենթարկել «հայկական պնդումները»:

«Սակայն, թէ ինչ է կուսակցութեան նպատակն ու հակումը, ատիկա կարելի է այժմէն ենթադրել, եթէ նկատի առնուի, որ կուսակցութիւնը նախկին երեսփոխան եւ դեսպան Շիւքրիւ Էլեքտաղէն խնդրեց այս մասին տեղեկագիրի մը պատրաստութիւնը: Շիւքրիւ Էլեքտաղ, որուն Հայկական հարցին շուրջ ժխտական համոզումներն ու պնդումները ծանօթ են, պիտի պատրաստէ տեղեկագիր մը, ուր պիտի յայտնէ, թէ ինչե՛ր կարելի է ընել հայկական պնդումներուն դէմ», կը գրէ «Մարմարա»:

 

Share this Article
CATEGORIES