ԱԿՆԱՐԿ. Հանրային Պարտէզն Ու Թուրքիոյ Անվտանգութեան Համակարգը
Մեր ընթերցողները նկատեցին, որ առաջնային կարեւորութեամբ «Ազդակ» հաղորդած էր հիւսիսային Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդականին հետ կապուած միջադէպին լուրը: Մեր թերթը իր նախանցեալ օրուան խմբագրականով կը փոխանցէր իր համոզումը, որ ա՛յս ժամանակահատուածին նման պաշտօն ունեցող թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարին Լիբանան այցելութիւնը պատահականութեան արդիւնք չէր:
Շարունակենք տրամաբանութիւնը: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ վարչապետին տուած այցելութենէն առաջ եւ անկէ ետք ընդհանրապէս Անգարայի կողմէ ընտրուած աշխատանքային թիրախը կրթութեան ոլորտն էր: Պարզ էր անշուշտ, որ կրթութեան մարզին եւ դպրոցներու վերանորոգման կամ հիմնարկէքներուն ետին ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման կամ թրքացեղ կազմակերպ համայնքի ստեղծումով էապէս քաղաքական նպատակներ կը հետապնդուէր: Բայց եւ այնպէս կը պահուէր ձեւը, շպարը, քողը:
Հիմա Պիրէի մէջ պատահածը քողազերծած է թուրք աշխատակիցին, որ ի դէպ Լիբանանի մէջ նախկին դեսպանն էր, այստեղ գտնուելու իրականութիւնը: Մինչ, յստակ կը դառնար, որ առանց տեղւոյն արտաքին գործոց նախարարութեան գիտութեան Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը ժամանած էր Լիբանան: Չյայտարարուած այցելութիւնը սակայն միջադէպի պատճառով աղմուկ կը բարձրացնէր եւ լուսարձակները կը կեդրոնացնէր առանց պաշտօնական համապատասխան մարմինները տեղեակ պահելու Լիբանան ժամանած անվտանգութեան հարցերու թուրք խորհրդականին վրայ:
Միջադէպը սակայն պատճառ դարձած էր, որ լիբանանեան կողմեր բարձրաձայնեն շրջանին մէջ Թուրքիոյ դաւադիր դերակատարութեան մասին: Թրքական այս դերակատարութեան համալիբանանեան գնահատականը կ՛ուշանայ սակայն: Քաղաքականացուած մօտեցումները կը գերակշռեն եւ թրքական քաղաքականութեան հետապնդած նպատակները աննկատ կ՛անցնին մեծ մասամբ:
Մինչ այժմ Քըլըճի առաքելութիւնը կը վերաբերի Այտամունի մէջ հանրային պարտէզի բացումին: Դատելով երեւոյթներէն ուրեմն, Քըլըճ Լիբանան այցելած է առանց արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախապէս տեղեակ պահելու, որպէսզի … այստեղ կատարէ հանրային պարտէզի մը բացումը:
Մինչ այժմ դարմանատուներու հիմնումով, դպրոցներու հիմնարկէքներով եւ վերանորոգումներով կամ մշակութային կեդրոններու բացումով յատկանշուած թրքական պատուիրակութիւններու առաւելութիւններու շարքին կ՛աւելնան հանրային պարտէզներու բացման արարողութիւնները:
Կրթութեան, մշակոյթի եւ առողջապահութեան ոլորտներու կողքին հանրային պարտէզը կրնայ արտառոց ձեւով չընկալուիլ: Արտառոցը այս պարագային բացում կատարողին ունեցած պաշտօնն է եւ իր առնչութիւնը` նման բնոյթի աշխատանքներու կամ ձեռնարկներու: Հանրային պարտէզի բացումը եւ թրքական անվտանգութեան համակարգը իրարու հետ աղերսելու ձախող փորձ կատարած են Անգարայի վարիչները: Երեւոյթը մտածել կու տայ, որ ամբողջ երկիրը հանրային պարտէզի հետ շփոթելու վարքագիծ որդեգրած է Անգարան, որ մերթ վարչապետ, մերթ արտաքին գործոց նախարար, երբեմն կրթութեան նախարար եւ հիմա ալ անվտանգութեան հարցերու գլխաւոր պաշտօնատար կը գործուղէ Լիբանան. այն ալ առանց համապատասխան մարմինները տեղեակ պահելու:
Երկիրները հանրային պարտէզի հետ շփոթող Անգարայի ձեռնարկած գործուղումները իրենց բնոյթով եւ առաքելութիւններով չեն համապատասխաներ գործուղուած անձերու գործադաշտին: Նման վարքագիծ մը կրնայ վաղը Լիբանան գործուղել Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան կամ կրթութեան նախարարը այցելելու հարաւի մէջ տեղակայուած թրքական զօրամիաւորումներուն` անոնց պատասխանատուներուն հետ քննարկելու համար զինուորական խնդիրներ:
Բոլոր այս երեւոյթներն ու նախադրեալները հետզհետէ կը համոզեն, որ Պիրէ կամ Այտամուն այցելելու եւ մանաւանդ հանրային պարտէզի բացում կատարելու համար չէ որ Լիբանան անաղմուկ ժամանած է Թուրքիոյ անվտանգութեան հարցերուն պատասխանատուն: Այցելութեան համար ընտրուած ժամանակն ու Քըլըճի ներկայ եւ նախկին պաշտօնները կը համոզեն, որ լիբանանահայ գաղութն ու Ցեղասպանութեան յատկացուած ձեռնարկները օրակարգի վրայ են եւ հանրային պարտէզէն աւելի կրնան աղերս ունենալ Թուրքիոյ անվտանգութեան հարցերուն հետ: Ապրիլ 24-ի օրը Թուրքիոյ դեսպանատան առջեւ հաւաքուած հայկական զանգուածը կը յաջողի անհրաժեշտ պատգամը փոխանցել Քըլըճներու ճամբով` Անգարային եւ Թուրքիոյ անվտանգութեան համակարգին:
«Ա.»

