50 Տարի Առաջ ( 21 ապրիլ 1962 )

Խմբագրական

Երկու Խաչեր

Խորհրդանշական զուգադիպութեամբ մը այս տարի քրիստոնէութեան մեծագոյն տօնը` Քրիստոսի յարութիւնը եւ հայութեան մեծ Եղեռնի տարեդարձը գրեթէ նոյն թուականներուն կը տօնուին:

Առանց այս զուգադիպութեան ալ, Քրիստոսի խաչելութեան խորհուրդը դարերով խառնուած է խորհուրդին հետ ժողովուրդի մը գողգոթային, որ նոյնքան տաժանելի ու տառապալի եղած է, որքան` Մեծ Վարդապետինը:

Քրիստոսի խաչը որեւէ ազգի վրայ այնքան ծանր չէ կշռած, որքան` հայութեան, որ կրցած է տոկալ այդ խաչին ծանրութեան, զայն ըրած է իր իսկ խաչը, դէպի յարութեան բարձունքները:

Նոյնպէս չկայ ժողովուրդ մը, որ գերեզմանէն անդին, յարութեան խորհուրդը կեանքի իրականութեամբ այնքան փաստած ըլլայ, որքան` հայը:

Ու փաստը ա՛յն է, որ մեր պարագային, հին թէ նոր բոլոր զոհերու զարհուրանքները, բոլոր տեսակի բարբարոսութիւնները եւ, անոնց հետեւանք, մեր կոտորակումը մեր մէջ կիրքի վերածած են ապրելու կամքը: Ոչ միայն ծունկի չեն կրցած բերել մեզ, այլեւ մղած` կոթողումի: Ո՛չ միայն ստրուկ չեն դարձուցած մեզ, այլեւ մղած` ծառացումի:

Անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր կրակի եւ արեան գիծերէ կ՛անցնի հայը: Եւ պատմութիւնը հազի՜ւ թէ կրնայ սահմանել յաջորդական հաւաքական ջարդերու, սպանդի եւ նահատակութեան այդ դրուագները իրենց իսկական իմաստին ու տարողութեան մէջ:

Քաղաքական մանր-մունր հաշիւներու, կամ միջազգային մեծ ու պզտիկ բախումներու պատմութեան մէջ, «ի միջի այլոց» կը յիշատակուի հայութեան գողգոթան կամ խաչելութիւնը, մեր հաւատքի, մեր հայրենեաց սիրոյն:

Մինչ մեր պատմութեան ճշմարիտ վերծանումը եւ ճանաչումը ցոյց պիտի տային ամէնէն սկեպտիկ մարդուն իսկ, թէ հալածական, գաղթական, գրեթէ միշտ աստանդական ու անհայրենիք մեր ժողովուրդը, իր բոլոր թերութիւններէն, թերահաւատութիւններէն եւ կաղացումներէն վեր, եղաւ այն բացառիկ ազգը, որ հողին պաշտամունքը նոյ՛նքան զօրեղօրէն ապրեցաւ իր հայրենիքին մէջ թէ իր հայրենիքէն դուրս: Եւ, երբ իրեն մոռցնել ուզեցին հայրենի իր օճախը, մորենիին պէս բռնկեցաւ եւ մնաց մշտավառ հրդեհ:

Չէք գտներ որեւէ ժողովուրդ, որ մեզի չափ հայրենիքէն դուրս, սակայն մեզի չափ հայրենիքին հետ եղած ըլլայ. փոյթ չէ թէ իր սահմանափակ համրանքը թափած ըլլայ հինգ աշխարհամասերու ծայրամասերուն: Հայաստանը մեզմէ ամէն մէկուն հետ եղած է քիչ մը ամէն տեղ, նո՛յնքան բաբախուն ու կենդանի, նոյնքան տրոփուն ու հարազատ, նոյնքան անայլայլ ու իրական:

Ասոր համար ալ, անշունչ դիակ չենք դարձած, երբ նոյնիսկ անապատէ անապատ նետած է մեզ փոթորիկը, անկայք ու անհանգրուան:

Ապառաժ դարձած է մեզի համար մեր հայրենասիրութիւնը, երբ թշնամին կը սպասէր,որ փուլ գայինք աւազներուն վրայ:

Յետին հայն իսկ իրեն հետ հորիզոնէ հորիզոն եւ աստղէ աստղ տարած է իր հպարտութիւնը, իր գիտակցութիւնը: Ան, թշնամին քանի հալածած է զինք, ազգային արժանապատուութեան մակընթացութեամբ մը զերծ է մնացած ձուլումէ եւ աւազախրումէ:

Ու նոյն հպարտութիւնն է, որ մեր սգահանդէսները այսօր վերածած է ոգեկոչումի դրական արտայայտութիւններու:

Մեր պատմութեան էջերը արիւնող նախճիրներէն ետք, մեր ազգային գիտակցութեան եւ հպարտութեան պահպանումը հրաշքի համազօր երեւոյթ է, հրաշք, որ կը պարտինք յարութեան հաւատքին, պայծառ օրերու եւ լուսեղէն ապագայի տեսիլին, որ մեր ժողովուրդին տեսիլը եղած է դարեր շարունակ:

Ու այսօր, երբ քրիստոնեայ մարդկութիւնը Յիսուսի հրաշափառ յարութիւնը կ՛օրհներգէ, հայութիւնը, իր սիրտը սեղմած, վշտի ու ուրախութեան խառն արցունքներով կը նայի ապագային, կը հաւատայ Արդարներու յաղթանակին:

Ս. Յարութեան տօնին առթիւ «Ազդակ» կը շնորհաւորէ իր ընթերցողները:

Այս, ինչպէս նաեւ ապրիլեան Մեծ եղեռնի տարեդարձին առթիւ, մեր յաջորդ թիւը լոյս կը տեսնէ չորեքշաբթի առաւօտ:

Share this Article
CATEGORIES