Շրջող Թանգարան Մը

Երեւակայեցէք թանգարան մը, որ շինուած է միայն մանուկներու համար, եւ որ կը շրջի աշխարհին տարածքին` անոնց հմայուած աչքերուն առջեւ ցուցադրելու համար արուեստի գործեր… Այս թանգարանը գոյութիւն ունի: Ան մումոն է:

Մումօ կը նշանակէ միւզէ մոպիլ (շարժուն թանգարան): Այս թանգարանը ուրիշ թանգարաններու նման չէ. ան կը գտնուի հսկայ փոխադրակառքի մը մէջ:

Ֆրանսայի տարբեր շրջանները այցելելէ ետք ան հասած է Ափրիկէ եւ կը գտնուի Քամերունի Տուալայի դպրոցի բակին մէջ: Անոր տանիքին վրայ հսկայական փչովի նապաստակ մը տնկուած է:

Թանգարանին մէջ փոքր տարիքի այցելուներ, որոնք յաճախ տակաւին թանգարան չեն այցելած, տարօրինակ փորձառութիւններ կ՛ապրին` շնորհիւ նշանաւոր արուեստագէտներու արուեստի գործերուն:

Ինչպէս, օրինակի համար, մեծ գնդակի մը մէջ, ուր չենք գիտեր ուրկէ ծնած լոյսի ծիածան մը իր գոյները կը ցոլացնէ մանուկներուն վրայ: Արուեստով հետաքրքրուող անձերը սովորութիւն ունին նման գործեր տեսնելու… Սակայն անոնք մեծ անակնկալ մըն են աշակերտներուն համար:

Քամերունէն ետք այդ շրջող թանգարանը պիտի այցելէ ափրիկեան ուրիշ երկիրներ, իր նապաստակը ուրիշ ցամաքամասերու վրայ ցուցադրելէ առաջ: Մինչեւ 2013-ի յունուարը փոխադրակառքը պիտի կտրէ 8000 քմ եւ այցելէ աւելի քան 60 դպրոց:

 

32 Հազար Տարեկան Բոյս Մը

Երբ մենք նայինք անոր նկարին, ան մեզի տարօրինակ չի թուիր… Սակայն այս ծաղիկը ծնած է 32 հազար տարեկան «ծեր» հունտէ մը:

Այս 32 հազար տարեկան հունտերը սկիւռներուն կողմէ պահուած էին լիճի մը ափին գտնուող անոնց բոյնին մէջ: Հունտերը գտնուած են հիւսիսային Ասիոյ` Սիպերիոյ սառած հողերուն մէջ:

Սկիւռներուն այս պահեստանոցները կը գտնուէին գետնէն 20-40 մեթր խոր: Այս խորութեամբ կը գտնուի «փերմաֆրոսթը», որ մնայուն սառած հողի խաւ մըն է: Այս խաւը իսկական սառնարան մը եղած է այս հունտերուն համար: Կատարեալ վիճակի մէջ պահուած այս հունտերը չեն ծլած, սակայն անոնք պահած են ծլելու իրենց բոլոր կարողութիւնները:

Երկու ռուս գիտնականներ, որոնք գտած են այս հունտերը, նշմարած են ասիկա եւ այս հունտերը ցանած են իրենց գիտաշխատանոցին մէջ: Վերջապէս անոնք կրցած են ծլեցնել այս «սիլենէ սթենոֆիլան», որ սիպերիական ծաղիկ մըն է:

Երբ հունտերը հողին մէջ ցանուած են, ծաղիկի բազմաթիւ սերունդներ կրցած է յառաջացնել: ւսիսային Ասիոյ` Սիպերիոյ սառած հողերուն մէջ:

 

Լուրեր Աշխարհէն

– Դէպի Հրատ մոլորակ ճամբորդութիւն մը (երթուդարձ) կրնայ արժել մօտաւորապէս 500500 տոլար` ըստ «Սփէյս էքս» ընկերութեան տիրոջ, որ կ՛ուզէ անջրպետի յատուկ զբօսաշրջութիւնը զարգացնել:

Դէպի Կարմիր մոլորակ ընթանալէ առաջ, անոր հրթիռը` «ֆալքոն-9», պէտք է նախ ուղղակի դէպի անջրպետի միջազգային կեդրոնը, ապա հոն տանի մէկ հոգի եւ ուղղուի դէպի լուսին:

Դէպի Հրատ ճամբորդութիւնը, որ պիտի տեւէ մօտաւորապէս 18 ամիս, կրնայ իրականանալ 2030-2040 թուականներուն: Ասիկա մեզի ժամանակ կու տայ խնայողութիւններ ընել…

– Մինչ այդ, եթէ արդէն մօտաւորապէս 100 հազար տոլար ունիք, Ուայսմինկի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) կրնաք գնել Պուֆորտ պզտիկ քաղաքը, որովհետեւ անոր վերջին բնակիչը քաղաքը լքեց, իսկ պետութիւնը որոշեց քաղաքը աճուրդի դնել: Հետեւաբար մօտաւորապէս 100 հազար տոլարով կարելի է տէրը դառնալ երեք սենեակով տունի մը, վառելանիւթի կայանի մը, պզտիկ խանութի մը, որ իբրեւ նամակատուն ալ կը ծառայէ, ինքնաշարժի նորոգութեան կառատան մը, 1905-ին շինուած դպրոցի մը, ինչպէս նաեւ` քաղաքի 82052 նամակաբաշխական թիւին:

– Նիւ Եորքի փողոցներուն մէջ շատ բաներ կարելի է գտնել: Այս ձեւով գիտնական մը այդ միջավայրին  մէջ իւրայատուկ բան մը գտած է… գորտի նոր տեսակ մը: Ան ընձառիւծ-գորտն է, որ յատուկ կռկռոց մը ունի: Այս գորտը կ՛ապրի Մանհաթանի մօտ, անոր շուրջը, Եանքիներուն մարզադաշտէն մէջ եւ Պրոնքսի մէջ:

– Հարաւային Ափրիկէի մէջ «Քուլուլա» ճամբորդական ընկերութիւնը ճանչցուած  է իր հաճելի տրամադրութեամբ: Արդեօ՞ք ճամբորդներուն մոռցնելու համար, թէ անոնք պէտք է վճարեն օդանաւին մէջ հրամցուած սուրճին գինը, թէ` անձնակազմը մեծ ճիգեր կը թափէ… Կանաչ ներկուած եւ հաճելի նախադասութիւններով զարդարուած այս օդանաւերու թռիչքներուն ընթացքին, անոնք կը սիրեն պզտիկ կատակներ ընել: «Քուլուլա» ընկերութիւնը ուրախ է յայտարարելու, թէ անոր անձնակազմը բաղկացած է ամէնէն լաւ հիւրընկալ պաշտօնեաներէն: Դժբախտաբար անոնցմէ ոչ մէկը կը գտնուի այս թռիչքին վրայ»: Քուլուլա զուլու լեզուով կը նշանակէ` դիւրին. ան դարձած է հարաւափրիկեան երկրորդ ընկերութիւնը:

 

Հարցում/Պատասխան

 

2) Աւստրալիական ո՞ր նահանգը ճանչցուած է իբրեւ «Խնձորի կղզին»:

1) Կաղնիի ծառ մը քանի՞ տարեկանին կը սկսի խոզկաղիններ տալ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4) Ո՞ր ինքնաշարժը եղածէ առաջին մեծ քանակով արտադրուած փոխադրակառքը:

3) Թիթեռնիկի եւ ուտիճի մօտաւորապէս քանի՞ տարբեր տեսակներ գոյութիւն ունին:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐԸ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ

 

Ժամանց

 

Կէտերը իրարու միացուր 1 - 75` գտնելու համար պահուած պատկերը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարբերութիւնները:

 

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր մարմնին համապատասխանող գլուխը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ

1) 20 տարի: Կաղնիին տոկուն փայտը ընդհանրապէս կը գործածուի կարասիներ շինելու:

2) Թասմանիա: Տակաւին այսօր կարելի է գտնել խնձորին վայրի նախահայրը, արեւմտեան Ասիոյ մէջ:

3) 170 հազար տեսակ: Թիթեռնիկները եւ ուտիճները կը պահուին մետաքսի թելերը արտադրելու համար:

4) Օլտզմոպիլ: Անիկա արտադրուած էր Ռանսոմ Իլայ Օլտզի կողմէ, 1901 թուականին: Հենրի Ֆորտ հնարեց եւ բարելաւեց շարքով կազմելու դրութիւն մը, մօտաւորապէս 12 տարի ետք:

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES