Անգլիական Ֆութպոլ. Ռիտինկ Ապահովեց Բարձրագոյն Դասակարգի Իր Տոմսը

2007-2008 տարեշրջանին աւարտին, Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգէն Ա. դասակարգ փոխադրուած Ռիտինկ վերստին ապահովեց բարձրագոյն դասակարգի իր տոմսը, երբ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նոթինկհամ Ֆորեսթը:

Ռիտինկ, որ նախորդ տարեշրջանին, փլէյ-օֆի մրցումներուն պարտութիւն կրեց Սուանզիէն, այսպիսով իր կատարած 44 մրցումէն ապահովեց 88 կէտ: Անիկա երեք կէտով գերազանցեց իր անմիջական մրցակից Սաութհեմփթընը, որ 3-1 արդիւնքով յաղթեց Փիթըրպորոյի:

Նշենք, որ առաջին երկու դիրքերը գրաւող խումբերը կ՛ապահովեն բարձրագոյն դասակարգի իրենց տոմսերը, մինչ անոնց ետին գտնուող չորս խումբերը կը մասնակցին փլէյ-օֆի մրցումներուն:

Սակայն հակառակ իր կրած այս պարտութեան, Եւրոպայի նախկին ախոյեան Նոթինկհամ Ֆորեսթ Բ. դասակարգ պիտի չփոխադրուի, որովհետեւ անիկա 47 կէտով կը գրաւէ 19-րդ դիրքը: Անոր ետին վերջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Փորթցմաութ (40 կէտ), Քովենթրի Սիթի (40 կէտ) եւ արդէն իսկ Գ. դասակարգ փոխադրուած Տոնքասթըր Ռովըրզ (33 կէտ):

 

Share this Article
CATEGORIES