«Միշտ Կը Հետաքրքրուիմ Հայաստանի Հաւաքականով» Կ՛Ըսէ Խոաքին Պօղոսեան

Խոաքին Պօղոսեան

Ուրուկուէյահայ անուանի ֆութպոլիստ Խոաքին Պօղոսեանի Ուրուկուէյ վերադառնալէն ետք անոր մասին հրապարակուող լուրերը զգալիօրէն նուազած են:

Ինչպէս ծանօթ է, օգոստոս 2011-ին աւստրիական Սալզպուրկ ակումբին մաս կազմող Պօղոսեան փոխ տրուեցաւ Ուրուկուէյի անուանի ակումբներէն մէկուն` Նասիոնալի: Ան 9 մրցումի ընթացքին 4 կոլ նշանակելով օժանդակեց իր խումբին, որ անիկա տիրանայ Ափերթուրայի ախոյեանութեան: Ապա վիրաւորուեցաւ եւ ֆութպոլի դաշտերուն վրայ սկսաւ տեսնուիլ նախորդ փետրուարէն ետք:

Իր ունեցած հետաքրքրական հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին Պօղոսեան ըսաւ. «Ես միշտ ալ կը հետաքրքրուիմ Հայաստանի հաւաքականով: Անոր կատարած մրցումներուն մի՛շտ ալ մօտէն կը հետեւիմ: Բոլորս ալ գիտենք, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Մալթայի դէմ: Կը կարծեմ, որ մինչեւ այդ թուականը, իմ որոշումս տուած կ՛ըլլամ Հայաստանի հաւաքականին մաս կազմելու գծով: Յառաջիկայ յուլիսին պիտի վերադառնամ Սալզպուրկ, որմէ ետք անկասկած ամէն ինչ յստակացած կ՛ըլլայ եւ անորոշ ոչինչ կը մնայ: Եթէ որոշեմ մաս կազմել Հայաստանի հաւաքականին, եւ գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան ինծի հրաւիրէ միանալու խումբին, պիտի ըլլամ անոր տրամադրութեան տակ»:

Նշենք, որ Խոաքին Պօղոսեան, որ ծնած է 19 յունուար 1987-ին` Մոնթեվիտէոյի մէջ (Ուրուկուէյ), եթէ միանայ Հայաստանի հաւաքականին, հայրենի կազմին յարձակողականը կը խոստանայ ըլլալ նախանձելի:

Share this Article
CATEGORIES