ՖԻՖԱ-ին Կողմէ Հրապարակուելիք Նոր Դասաւորման Մէջ Հայաստան Պիտի Մնայ 47-րդ Դիրքին Վրայ

Յառաջիկայ 9 մայիսին, ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ աշխարհի ֆութպոլի ազգային խումբերուն նոր դասաւորումը:

Սակայն այժմէն իսկ յստակ է, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի մնայ 47-րդ դիրքին վրայ: Այդ մէկը տեղի պիտի ունենայ, որովհետեւ ՖԻՖԱ-ին կողմէ մինչեւ այդ ժամանակամիջոցը պիտի կատարուին միայն վեց բարեկամական մրցումներ, այդ ալ դասաւորման վարին դիրքերը գրաւող խումբերուն միջեւ:

Առաջին 10-ին մէջ տեղի պիտի ունենայ միայն մէկ փոփոխութիւն: 2014-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին Հայաստանի խմբակին մաս կազմող Դանիա մէկ դիրքի նահանջ արձանագրելով իր 10-րդ դիրքը պիտի զիջի Արժանթինի:

Հայաստանի խմբակին մաս կազմող խումբերը պիտի մնան նոյն տեղը. Իտալիա` 12-րդ, Չեխիա` 26-րդ, Պուլկարիա` 96-րդ եւ Մալթա` 150-րդ:

 

Share this Article
CATEGORIES