Պէյրութի Մարաթոնի Յանձնախումբ – Ալէյի Քաղաքապետութիւն Միացեալ Մամլոյ Ասուլիսը

Չորեքշաբթի, 18 ապրիլին, «Ասըր» ճաշարանին մէջ (Ալէյ) Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբը եւ Ալէյի քաղաքապետութիւնը տուին միացեալ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին անդրադարձան կիրակի, 8 յուլիսին տեղի ունենալիք Մաուարետ – Ալէյ կրան-փրի վազքի մրցումին (10 քմ):

Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը, նշենք, որ Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբը ձեռնարկած է շարք մը վազքի մրցումներու, որոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 22 ապրիլին` Սայտայի մէջ:

Այդ միացեալ մամլոյ ասուլիսին ներկայ էին երեսփոխան Թալալ Արսլանի ներկայացուցիչը, վազքի այս մրցումը հովանաւորող «Մաուարետ» դրամատան ներկայացուցիչ Տէյվիտ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններ, յատուկ հրաւիրեալներ եւ մարզական լրագրողներ:

Ներկայացուեցաւ այս վազքի մրցումին, ինչպէս նաեւ ընդհանրապէս այլ շրջաններու մէջ եւս տեղի ունենալիք վազքի մրցումներուն ծրագիրը, որ գլխաւոր նպատակ ունի բոլորը ի մի խմբել զուտ մարզական վազքի այս մրցումներով:

Շարք մը խօսք առնողներէ ետք, Պէյրութի միջազգային Մարաթոնի յանձնախումբի նախագահ Մէյ Խալիլ եւս արտասանելով իր խօսքը նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնեց Ալէյի քաղաքապետութեան` իրեն հետ գործակցած ըլլալուն համար: Ապա Խալիլ քաջալերեց բոլորը, որ մասնակցին վազքի այս մրցումներուն:

Ալէյի քաղաքապետութեան խօսքը արտասանեց Ուաժտի Մրատ, որ քաջալերելէ ետք Պէյրութի Մարաթոնի յանձնախումբին տարած աշխատանքները, քաղաքապետութեան կողմէ յատուկ յուշանուէր մը յանձնեց Մէյ Խալիլի:

 

Share this Article
CATEGORIES