Քորէական Փորձառութիւնը՛ Որդեգրելի Օրինակ

ՎՐԷԺ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ

Գերմանիա կ՛առաջնորդէ Եւրոպան`  շնորհիւ ճարտարարուեստի վրայ հիմնուած իր զօրաւոր տնտեսութեան: Նմանապէս եւ` Հարաւային Քորէան, որ սովի, աղքատութեան ու քաղաքացիական  պատերազմէն ետք իր տնտեսութիւնը  կերտելու համար ճարտարարուեստը  որդեգրեց որպէս ռազմավարական- ընտրանք: Եւ համեմատաբար կարճ  ժամանակամիջոցի մէջ յաջողեցաւ հասնիլ բարձր դիրքերու` կանգնելով քսան մեծերու կողքին: Անոր ղեկավարները բազմեցան աշխարհի մեծամեծներու սեղանին շուրջ:

Գերմանիա, ինչպէս նաե՛ւ Քորէա,  աւերուեցան, սակայն անոնք կրցան շրջանցել աւերի ու պատերազմի փուլը`   յանգելով ծաղկումի, բարօրութեան  ու յառաջդիմութեան: Անոնք հաստատ  ու կառչած մնացին արդիւնաւէտ  տնտեսութեան վրայ դրած իրենց գրաւին:  Լիբանան եւս ապրեցաւ եղբայրասպան պատերազմներու դառն փորձառութիւնը:  Թօթափելէ ետք պատերազմի հետքերը,  Լիբանան ապրեցաւ տատամսումի շրջան մը` իր ծաղկումը ծրագրող տնտեսական հեռանկարներուն ու ընտրանքներուն  միջեւ: Այսուհանդերձ, կրցաւ ամրացնել  ծառայութեանց տնտեսութիւնը ու վերակենդանացուց վարպետութեան ու հմտութեան վրայ հիմնուած  զբօսաշրջութիւնը: Սակայն Լիբանան  պէտք եղած ձեւով չսատարեց  ու  չզօրակցեցաւ դիմադրողականութեան տնտեսութեան վրայ հիմնուած իր ճարտարարուեստին: Նմանապէս եւ  չդիւրացուց համոզումով գոհացող ու լուծուող երկրագործութեան հարցերը:   Սակայն այս քաղաքականութիւնը,  որ նաեւ կազմալոյծ վիճակի մէջ պահեց Պէյրութի սակարանը, չկրցաւ ձերբազատել Լիբանանը` մեծ պարտքերու տակ կքելէ: Նախընտրելի էր, որ (ծրագիրներու եւ դրամագլուխներու) շահարկումը կատարուէր ճարտարարուեստական շրջաններու կառուցման մէջ` նուազեցնելու համար ճարտարարուեստական  արդիւնաբերութեան ծախսերը եւ աշխատանքի առիթներ ստեղծելու գիւղերուն մէջ, այսպէսով մեր զաւակները կառչած պահելով իրենց (գիւղական)  շրջաններուն ու փրկելով Պէյրութն  ու   Թրիփոլիէն Սայտա տարածուող միւս մեծ  քաղաքները` բնակարանային խճողումէ  ու կուտակումէ եւ ընկերային ճնշումէ:

Կը  խօսիմ Քորէայի մասին` նպատակ ունենալով հիմնաքարը դնել, հասարակաց  բազմաթիւ եզրերով իրարու միացած, այս  երկու պետութեանց միջեւ փոխադարձ յարաբերութեանց աշխուժացման  գործընթացին: Այսպէ՛ս, կենսոլորտը նոյնն է, նմանապէս եւ անոնց ժողովուրդները  ուշիմ ու տաղանդաւոր են, ինչպէս կը վկայէ  Լիբանանի մէջ  Քորէայի դեսպան Պիոնկ  Ճի Քիմ: Հետեւաբար կը հաւատանք, որ  մեր գաղափարներու եւ փորձառութեանց  փոխանակումը օգտակար ու նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկուստեք: Քորէա, որ  նպաստընկալ երկիրներու շարքին  էր,   կարճ ժամանակի մէջ ի՛նք դարձաւ  նպաստամատոյց երկիր: Այս փորձառութեան լոյսին տակ չեմ կարծեր,  որ դժուար է Լիբանանի համար  պարտական պետութեան վիճակէն դառնայ ինքնաբաւ ու հարուստ երկիր: Հոսկէ իմ կրկնուող կոչս` փոխլրացնող ճարտարարուեստներու հաստատման, ճարտարարուեստներու  արդիւնաբերութեանց միաձուլման քաղաքականութեան որդեգրման, ճարտարարուեստական մշակոյթի  տարածման կրթական ծրագիրներու ուղեցոյցին մէջ եւ օտար  դրամագլուխներու ներգրաւման` ի սպաս  անոնց շահարկման արտադրողական  մարզերու մէջ:

Քորէացի  ժողովուրդին միասնականութիւնը, յամառութիւնը  եւ  ճիգերու յարատեւումը զայն հասցուցին համաշխարհային տնտեսութեան  տասներորդ մակարդակին եւ ութերորդ`  արտածող պետութեանց կարգին,  համաշխարհային չափանիշով: Իսկ  լիբանանցիներուն յաջողութիւնները,  որոնցմով կը հպարտանանք  Լիբանանի թէ արտերկրի մէջ, կեդրոնացան անհատական  նախաձեռնութեանց վրայ, մինչ Քորէա,  Գերմանիա, Պրազիլ ու այլ երկիրներ յաջողեցան եւ կրցան յաղթահարել  մարտահրաւէրը` միաժամանակ վառ  պահելով անհատական նախաձեռնութեան  ոգին:

Եւրոպական կարգ մը պետութեանց  (տնտեսական) ցնցումին ու խլրտումին  պատճառներէն մէկը այն է, որ անոնք  ճարտարարուեստական չեն ու անոնց  տնտեսութիւնը հիմնուած է արտածումի  եւ  ծառայութեանց վրայ: Պատճառը ծանօթ է  եւ կը վերագրուի այն ընդհանուր ուղղութեան, որ առաջնահերթութիւն կու տայ առեւտուրին, ծառայութեանց ու  կալուածային մարզի զարգացման: Յուլիս  2006-ի պատերազմին մեր  ճարտարարուեստի գործարանները  շարունակեցին գործել ու բանիլ,  մինչ  ծառայութեանց ու զբօսաշրջութեան  մարզերը դադրեցան բանելէ: Կը կարծեմ, որ որակի  ու գինի միջեւ միաձուլման  հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած   Քորէայի  քաղաքականութիւնը կրճատեց  ու նուազեցուց ընկերային  տարբերութիւնները, վերացուց ընկերային դասակարգերու միջեւ սահմանագիծերը, առիթ ընծայելով բոլորին ձեռք  ձգելու  արհեստագիտական նորագոյն  արտադրութիւնները: Արդարեւ, նախապէս,  երբ սովորական, հասարակ ընկերութեան  մէջ  անկարելի էր նման արտադրութեանց  գործածութիւնը, այնուհետեւ  պատկերասփիւռը, հեռաձայնը,  ինքնաշարժն ու ելեկտրական այլ սպառողական գործիքներ դարձան  ձեռնտու` հեշտ ու մատչելի գինով:

Փառատենչ ու յառաջատենչ ժողովուրդներ  դաս կ՛առնեն ուրիշներու փորձառութենէն, որքան ալ ճոխ ըլլայ անոնց ամբարած   ինքնուրոյն ու ինքնատիպ  ազնուականութեան, պատմական, թէ աւանդութեանց ենթահողը: Եւ մենք տրամադիր ենք դաս առնելու Քորէայի,  Պրազիլի, Գերմանիոյ եւ այլ երկիրներու  յաջող փորձառութիւններէն:  Ժողովուրդներու միջեւ յարաբերութիւնը,  որպէսզի յարատեւէ, զարգանայ ու հասնի  եղբայրական մակարդակի, կը կարօտի  անկեղծութեան ու սրտառուչ հաղորդականութեան: Լիբանանցին սիրեց  քորէացի ժողովուրդը` առանց ուղղակի  յարաբերութեան կամ ծանօթութեան մէջ ըլլալու անոր հետ: Փաստօրէն (Լիբանանի մէջ) քորէական ճարտարարուեստի   արտադրութեանց մեծ քանակութեամբ  շրջանառութիւնը, որ կը հասնի տարեկան 260 միլիոն տոլարի ներածման, եւ որուն  կէսը կ՛առնչուի ինքնաշարժներու եւ ելեկտրական գործիքներու ու  կազմածներու: Քորէական ինքնաշարժը կը գրաւէ լիբանանեան վաճառումներու  առաջին կարգի դիրքը: Մինչ մեր արտածումները դէպի Քորէա կը հաշուեն  26 միլիոն տոլար: Երկու գումարները  յար եւ նման են` տասնապատիկ տարբերութեամբ: Քորէացի ժողովուրդը կը հաշուէ 50 միլիոն անձ, իսկ մենք` 5 միլիոն: Դարձեալ թիւերը յար եւ նման են ու կրկին`  տասնապատիկ  տարբերութեամբ: Եւ եթէ քննենք մեր արտածումներուն բնոյթը, կը նկատենք, թէ անոնց մեծ մասը կ՛առնչուի  պղինձի, երկաթեղէնի ու թիթեղի թափօնի եւ` ալիւմինի: Սակայն մենք ունինք  իւրայատուկ այլ արտադրութիւններ, որոնք  կը վաճառուին եւրոպական, ամերիկեան,  ափրիկեան ու արաբական  շուկաներու մէջ` արժանանալով մեծ ընդունելութեան  ու շրջանառութեան: Կ՛ակնկալենք, որ մեր առջեւ բացուին նոր շուկաներ, որոնց կարգին` Քորէան: Վստահ եմ, որ այս մէկը կարելի է իրագործել շնորհիւ արտերկրի  մեր դեսպաններուն եւ դիւանագիտական  պատուիրակութեանց ճիգերուն: Նաեւ`   կենդանացնելով ու գործի լծելով  գործարարներու միջեւ հասարակաց,  միացեալ բարեկամութեանց միութիւնները:

Լիբանան հանրածանօթ դարձած  է  գոհարեղէններու, նորաձեւութեան,  դեղորայքի, ուտեստեղէնի, գինիի, կահոյքի քիմիական, ելեկտրոնային,  թղթատարական, զարդարուեստի ու  ձեռարուեստի աւանդական թէ այլ  արդիւնաբերութիւններով: Արդ, քանի  կը  վարենք քորէական արտադրութեամբ  ինքնաշարժ, պատկերասփիւռին  կը  հետեւինք քորէական հեռատեսիլի գործիքով եւ կը խօսինք ու կը  հաղորդակցինք հեռաձայնի քորէական  գործիքով, ապա ինչո՞ւ ուրեմն  չզարդարենք նաեւ քորէացի կինը`  լիբանանեան գոհարեղէններով  ու  նորաձեւութեամբ: Ինչո՞ւ նաեւ դէպի  Քորէա չարտածենք` լիբանանեան, գինիի,  ձէթի, պտուղներու, դեղորայքի եւ գեղեցկագիտական արտադրութիւնները:  Վստահ ենք դիտումնաւոր որեւէ արգելքի  չգոյութեան, այնքան ատեն որ հաստատ ենք մեր բարեացակամ տրամադրութեանց, փափաքին, կամքին ու վճռականութեան գծով:

Հարկ է, որ մշակենք սերտ  յարաբերութիւններ` արդիւնաբերողներու  եւ գործարարներու այցելութեամբ,  պատուիրակութեանց փոխանակումով եւ  զբօսաշրջութեան մարզի կենդանացմամբ ու այս` որդեգրելով շարք մը  միջոցառումներ, ինչպէս` այցեգիրի  (վիզա) ձեռքբերման դիւրութիւն, օդանաւային ուղղակի գիծի հաստատում եւ քորէական  ու արաբերէն լեզուներու ուսուցման մշակութային կեդրոններու հիմնում: Առիթէն օգտուելով, կոչ կ՛ուղղեմ Քորէայի դեսպանին եւ բոլոր հետաքրքրուողներուն` կազմակերպելու քորէացի արդիւնաբերողներու, ներածողներու եւ գործարարներու պատուիրակութեան մը Լիբանան այցելութիւնը` մօտէն ծանօթանալու համար լիբանանեան արտածումներու այլազանութեան ու մեզ տեղեակ պահելու քորէական շուկայի կարիքներուն եւ տեղեկութեանց  փոխանակման: Ու տրուած ըլլալով, որ (Քորէայի) դեսպանը Լիբանանի հիացողներէն է ու սերտօրէն մտերիմ է իր  երկրի գերագոյն իշխանութեանց հետ, կը  փափաքիմ օգնել իրեն` միասնաբար վառելու Լիբանանի ջահը Քորէայի  մէջ:

ՎՐԷԺ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ
(Ճարտարարուեստի նախարար)

Share this Article
CATEGORIES