Մա՞րդ… Թէ՞ Հայ Մարդ
ՎԻԳԷՆ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ
Աւաղ Միջին Արեւելքի ճակատագրին:
Արդեօք մարդկային իրաւունքներու «թենորներ»-ը
պիտի արթննա՞ն օր մը` տեսնելու,
թէ կազմակերպուած ջարդ մը եւս կը շարունակուի,
յաջորդելու անցեալ դարուն սկսած աղէտներ…
որ կը ջնջէ փոքրամասնութիւնները`
Եւրոպայի գծած քարտէսներուն համաձայն…
Հազարաւոր տարիներէ ի վեր
հոն ծնունդ առած են ժողովուրդներ, մշակոյթներ, կրօններ,
որոնք տակաւին կը փորձեն գոյատեւել:
Սակայն յստակ կ՛ըլլայ այսօր,
կազմակերպուած են բոլորովին փոխելու,
անգամ մը եւս,
քարտէսները Միջին Արեւելքի:
Նպատակնե՞ր, կան:
Օգտուողնե՞ր, կան:
Կազմակերպողներն են հոն գտնուող ուժերը:
Վայրենի «ժողովուրդներ»,
որոնց կռնակ կեցած են
Եւրոպան, Միացեալ Նահանգներն ու աստուածներ ստեղծող շարժումներ:
Ես մարդ էակ մըն եմ:
Աշխարհը ի՛մս է եւ բոլորին,
կարծած եմ, մինչեւ քսաներորդ դարու վերջերը:
Հաւատացած եմ շատ մը յառաջդիմութիւններու,
գիւտերու օգտակարութեան:
Թէեւ միշտ զիս զարմացնելով, ուրիշ լեզուներով ստեղծագործութիւններ կոչած են զանոնք:
Տատամսելով` զարմանքս զսպած եմ, բայց այսօր` ոչ այլեւս:
Չեմ ընդունիր:
Չեմ հաւատար այլեւս:
Չեմ տեսներ մարդիկ նոյն ուղեգիծի վրայ:
Կամ,
ի՛մ կրթութիւնս կասկածելի է.
Բաժնեկցիլ, ընդունելով ամէն տեսակի տարբերութիւն:
Համակրիլ, ընդունելով բոլորին արժանիքներն ու թերութիւնները:
Աշխատիլ, կերտել, ցանել,
պատրաստելու յաջորդ սերունդներուն համար նիւթեր:
Կամ,
չեմ հետեւած նորոյթի՛ն`
Ըլլալ անպատիւ, անձնասէր, կասկածամիտ, ատելավառ եւ աւելին®
Եթէ այս է՛,
այդ բոլոր դարերու ընթացքին կազմակերպուածը,
մարդկային յառաջդիմութիւն անունով`
պատրաստուած աներեւակայելի «նոր Միջին Դար»-ը,
քարի դարու վերադարձ մըն է:
Այսօր, ամէն տեսակի ուժ կը բանեցնեն`
Փոքր թիւով երեւելի կազմակերպիչներ,
Մարդկային ծածկանուններով յարդարուած գերեվառ համաշխարհային միութիւններ,
Նոպէլեան մրցանակներով օժտուած անդամներ,
Դրամական հաստատութիւններու շռայլութեան ծուղակներ.
Եւ արդէն ստեղծած են բաժանում, անգործութիւն,
աղքատութիւն եւ պատերազմ…
Այս աշխարհը պիտի փոխե՞մ պայքարելով իբր մարդ,
թէ՞ Հայ մարդ:
Կ՛ուզեմ հողերս. Բոլոր հողերս…
Որուն վրայ կառուցեմ «իմ»-ս,
ի՛մ տունս, ի՛մ կեանքս… Մերը…
Քանի սկսած են վերաբաժնել,
վերագծել քարտէսները Միջին Արեւելքի:
Փարիզ

