Սրտի Խօսք Մարի Աբրահամեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով

Հ. Պ.        

Շատ անգամ մեր հոգիները կը խռովին, լուռ կսկիծ մը կ՛ապրինք  երբ երէց սերունդի անդամներ` հայրեր ու մայրեր, յետ տառապալից կենսագրութեան մը հողին կը յանձնուին, վերջ տալով կեանքի մը, որ սերտօրէն առնչուած է լիբանանահայ գաղութի ողջ պատմութեան, յատկապէս անոր կազմաւորման առաջին տասնամեակներուն: Նմաններ, իրերայաջորդ սերունդներու ծնունդ տալով, իրենց շունչն ու հոգին սպառեցին, քրտինքն ու զոհողութիւն մատուցեցին եւ դարձան ապաւէն ու հարազատ ծնողք ազգային մեր կեանքի թաւալքին հետ համտեսելով լաւն ու վատը:

Ինչպէս իրեն սերնդակիցներուն, Մարի Աբրահամեանի համար եւս կեանքի դաժան ելեւէջները թէեւ ունեցած էին իրենց անդրադարձը, սակայն հայ մօր կերպարի վերապահուած իր կոչումին մէջ ան եղած էր իր պարտաւորութիւններուն գիտակից եւ ծնողական պարտականութիւններուն հետամուտ, այդպէս դաստիարակելով իր զաւակները:

Ան իր կեանքի մեծ մասը անցուցած էր Արագած թաղամասին մէջ, ուր տիրական են եղած տոհմիկ, աւանդապաշտ, հայաշունչ եւ հարազատ միջավայրի յատկութիւններ: Ներկայութիւն է եղած եւ իր ծառայութիւնը մատուցած թաղամասի ԼՕԽ-ի թէ ՀՅԴ «Դրօ» ակումբի տարբեր աշխատանքներուն: Անոր բարեպաշտ եւ եկեղեցասէրի բարեմասնութիւններուն ծանօթ է շրջանի հայութիւնը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի թէժ տարիներուն ի՛սկ իրեն հայրենակիցներուն հետ կիսեց վախի ու աւերի դաժանութիւնը,  տոկաց, համբերեց եւ թիկունք եղաւ իր ընտանիքին,ապա` իր շրջապատին:

Այս բոլորի առընթեր, Մարի Աբրահամեան, որ ծնունդ տուած էր հերոսի մը` Լիզպոնի տղոցմէ Սագօ Աբրահամեանին, արդէն իսկ կը դառնար ամբողջ հայութեան մտածումին կիզակէտն ու յարգանքին արժանի, իբրեւ Հայ դատին նուիրեալ ու հերոսածին զաւակի մայր:

Կը յիշենք, թէ այդ օրերուն` Լիզպոնի սրբազան գործողութենէն ետք,  Մարի Աբրահամեանի բնակարանը, ինչպէս Լիզպոնի միւս տղոց պարագային, դարձած էր հաւատքի, հաւատամքի ու հպարտութեան ներշնչարան, ուր երիտասարդական տարիքի թէ երէց սերունդի փաղանգներ այցելութիւն կու տային, կը զրուցէին, յիշատակներ կը պատմէին, լուսանկարներ թէ Սագոյէն մնացած իրերէն նմոյշներ առնելով կը հեռանային, համբուրելէ ետք հայ մօր` Մարիի ձեռքերը, որոնք խնամած էին ազգային պահանջատիրական պայքարի,  նուիրումի ու զոհաբերութեան  խորհրդանիշ` Լիզպոնի «խենթ»-երէն Սագոն, այլապէս ջամբելով անոր ազգային դաստիարակութիւն եւ մարդկայնական գերազանց բարեմասնութիւներ:

Յայտնապէս Մարի Աբրահամեան հպարտ էր իր զաւակով, անոր ապրումներուն եւ զգացումներուն հարազատութեան ծանօթ էին շատեր, որոնց հետ կ՛ունենար ընտանեկան յարաբերութիւն թէ հանդիպումներ:

Այնուամենայնիւ, հերոսի մը ծնունդ մօր համար զաւակի նուիրաբերումը, կորուստը ունէր նաեւ ներքին ցաւի ու տառապանքի լուռ արձագանգներ, որոնց յաղթած էր շնորհիւ շրջապատին, եւ հարազատներուն կողմէ իրեն հանդէպ տածած գուրգուրանքին:

Ճիշդ է, որ ան խոր ծերութեան հեռացաւ այս աշխարհէն, բայց իր թոռներուն մէջ ծլարձակեց ազգային գիտակցութեան հրայրքն ու Սագոյի կտակին ու ժառանգին տիրութիւն ընելու հաւատամքը:

Հանգիստ անոր խոնջած մարմինին:

Յարգանք անոր յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES