«Անտերսոն Այս Տարեշրջանին Դաշտ Պիտի Չներկայանայ» Կ՛Ըսէ Ֆերկըսըն

Անտերսոն

Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսըն երէկ ակումբին պաշտօնական կայքէջէն ըսաւ, որ պրազիլցի միջնապահ Անտերսոն, փրեմիեր լիկի մնացեալ չորս մրցումներուն եւս պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, որովհետեւ կը մնայ վիրաւոր:

Ասիկա կը նշանակէ, որ անոր համար այս տարեշրջանը աւարտեցաւ:

Ան վերջին անգամ Եունայթըտի հետ դաշտ ներկայացաւ նախորդ ամիս` Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ տեղի ունեցած «Եուրոփա լիկ»-ի մրցումին:

Նշենք, որ Եունայթըտէն պիտի բացակայի նաեւ Փոլ Փոկպա (վիրաւոր):

 

Share this Article
CATEGORIES