«Մենք Բոլորին Պարտականութիւնը Կը Նկատենք Խուռներամ Շարքերով Ներկայ Գտնուիլ Կիրակի Օրուան Հսկումի Երեկոյին» «Ազդակ»-Ին Կ՛Ըսէ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Երիտասարդական Կեդրոնական Մարմինը
Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմինին կազմակերպութեամբ, վաղը` կիրակի, 22 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ տեղի ունենալիք հսկումի երեկոյին առիթով «Ազդակ» զրոյց մը ունեցաւ մարմինի անդամ երիտասարդներուն հետ:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմինին մաս կը կազմեն լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններէն եւ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններէն ներկայացուցիչներ:
Անոնք են` Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հայ ուսանողներու միութենէն (ՀԵՀՈՄ) Լեւոն Նաճարեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի երիտասարդական միութենէն (ՀՅԴ ԼԵՄ) Մարիա Չոքաքլեան, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Զաւարեան ուսանողական միութենէն (ՀՅԴ ԶՈՄ) Սագօ Սապունճեան, Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան կուսակցութեան Տխրունի ուսանողական-երիտասարդական միութենէն Յովիկ Մեսրոպեան, Հայ բարեգործական ընդհանուր միութենէն Արին Ղազարեան, Հայ կաթողիկէ համալսարանական միութենէն (ՀԿՀՄ) Արամ Գարտաղլեան եւ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան Մկրտիչ Փորթուգալեան ուսանողական միութենէն Մասիս Սեփեթճեան:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմինին մաս կազմող երիտասարդները ողջունեցին նման մարմին մը յառաջացնելու նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ իրենք արդէն իսկ հինգ տարիէ կը գործեն եւ հսկումներ ու տարբեր առիթներով ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, ինչպէս` հայ-թրքական արձանագրութիւններու ստորագրութեան դէմ կեցուածք ճշդելու յատուկ բողոքի ցոյցը եւ Լիբանան այցելող թուրք պաշտօնատարներուն դէմ ցոյցեր, ինչպէս նաեւ այլ ձեռնարկներ:
Մարմինի անդամները շեշտեցին, որ իրենք նախաձեռնած են շարք մը ձեռնարկներու, որոնցմէ առաջինը պիտի ըլլայ հսկումի երեկոն:
Նոյն շրջագիծին մէջ մարմինի անդամները նշեցին, որ ձեռնարկները պիտի կատարուին օրական դրութեամբ մինչեւ 29 ապրիլ` առանց այս կամ այն միութեան կամ յարանուանութեան ձեռնարկը խաչաձեւելու:
Հսկումի երեկոյին մասին խօսելով` մարմինը յայտնեց, որ անիկա որոշեց յեղաշրջել աւանդութիւնը եւ այս անգամ Պիքֆայայի Նահատակաց յուշարձանին մօտ կատարել այս հսկումը:
Մարմինի անդամները բացատրեցին նաեւ, որ այդ յեղաշրջումը կատարուեցաւ հսկումի ընդգրկած յայտագիրին պարագային:
Անոնք նշեցին, որ հսկումի երեկոյի ծրագիրը երիտասարդական մակարդակի պատշաճեցուած է, եւ մշակութային առումով կայ տեսերիզի ցուցադրութիւն, որ ուղղուած է նաեւ տեղացի երիտասարդին` ընդգրկելով արաբերէնի թարգմանութիւններ, հարուստ է երգչախումբի եւ պարախումբի ելոյթով, որոնք ազգային բնոյթ ունին եւ հայկական ազգային դիմագիծն ու Հայ դատի նկատմամբ տարուելիք աշխատանքը կը համակեն պահանջատիրական շունչով:
Երիտասարդներն ու ուսանողները հաստատեցին, որ իրենք եկած են այսօր ըսելու, որ Հայոց ցեղասպանութեան եւ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակի ոգեկոչումէն մէկ քայլ անդին են եւ պահանջատիրութեան հանգրուանը կ՛ապրին, ինչպէս նաեւ վճռակամօրէն կ՛ուզեն շեշտել, որ Ապրիլ 24-ը նաեւ յաղթանակի օր է, հայոց յաղթանակի օր, որովհետեւ ցեղասպան թուրքը իր ճիւաղային արարքներով չարաչար պարտուեցաւ, որովհետեւ ան չկրցաւ բնաջնջել հայութիւնը եւ իբրեւ նմուշ` միայն մէկ հայ ձգել աշխարհի երեսին:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմինի անդամները նշեցին, որ թերեւս իրենցմէ տարեց սերունդին համար հսկումի երեկոյեան պարելու երեւոյթը կրնայ խորթ թուիլ, սակայն այսօր պէտք է անոնք գիտնան, որ Հայ դատի պայքարի ջահը փոխանցուած է իրենց եւ յաջորդ սերունդին, որոնք իրենց միջոցներով պիտի շարունակեն հայ ժողովուրդին պայքարը, մինչեւ որ հասնին իրենց նպատակին իրագործման եւ Հայ դատի արձանագրելիք պատմական յաղթանակին:
Մարմինի անդամները շնորհակալութիւն յայտնեցին նախկին սերունդներուն` շեշտելով, որ իրենք յանձնառու կը մնան նոյն նպատակին, նոյնիսկ եթէ այդ պատգամը փոխանցելու համար տարբեր միջոցներ կ՛որդեգրեն:
Մարմինի անդամ երիտասարդ-ուսանողները դրուատեցին Հայաստանի մէջ կազմուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին դրութիւնը եւ Հայաստանի պետութեան հետ գործակցութիւնը, որ կը կատարուի Լիբանանի մէջ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի միջոցով:
Անոնք փափաք յայտնեցին, որ սփիւռքի այլ գաղութներուն մէջ նաեւ կազմուին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի երիտասարդական կեդրոնական մարմիններ, որպէսզի համասփիւռքեան գործակցութիւն ծաւալի:
Մարմինին աշխատանքներուն ակնարկելով` երիտասարդներն ու ուսանողները ընդգծեցին, որ իրենք իբրեւ Կեդրոնական մարմին հանգամանք ստացած են եւ նաեւ պատասխանատուութիւններ ստանձնած:
Անոնք շեշտեցին, որ իրենց գործունէութիւնը միայն Ապրիլ 24-ի նշում չէ, այլ պիտի աշխատին ամբողջ տարուան ընթացքին:
Անդրադառնալով քայլարշաւին ուղղութեան եւ դէպի թրքական դեսպանատուն կատարուելիք բողոքի երթին` երիտասարդները հաստատեցին, որ նկատի ունենալով Լիբանանի մէջ թրքական ներթափանցումը եւ Պէյրութի սիրտին մէջ բացայայտօրէն թրքական մշակութային կեդրոնի բացումն ու թրքերէնի ուսուցման նախաձեռնութիւնը,
լիբանանահայութիւնը նաեւ յանդուգն քայլով մը պիտի ուղղուի թրքական դեսպանատուն` հաստատելու համար, որ ինք արթուն կը հսկէ իր դատին, ինչպէս նաեւ իր ընդվզումը փոխանցելու լիբանանցիներուն, որոնք մոռացութեան ենթարկած են նոյն ճիւաղին` օսմանցիին կողմէ սպանդի ենթարկուած իրենց նահատակները` անտեսելով մայիս 6-ի Նահատակաց տօնը:
«Մենք իբրեւ լիբանանահայութիւն զոհուած ենք նաեւ Լիբանանի համար, հետեւաբար բոլորը պարտաւոր են յարգելու մեզի, մեր զգացումները եւ տեսակէտները: Եթէ ոմանք կը մոռնան իրենց նահատակները, մենք այդպէս չենք կրնար կատարել եւ մեր արմատները ուրանալ», նշեցին անոնք:
«Ազդակ»-ի ճամբով կոչ կ՛ուղղենք բոլոր երիտասարդներուն, որ իբրեւ հայեր եւ մանաւանդ` իբրեւ հայ երիտասարդներ խուռներամ շարքերով ուղղուին Պիքֆայա եւ մասնակցին վաղը` կիրակի, 22 ապրիլ 2012-ին, տեղի ունենալիք հսկումի երեկոյին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման ձեռնարկին:
Հսկումի երեկոն պատրաստուած է երիտասարդական մարմինին կողմէ եւ անիկա երիտասարդական ձեռնարկ մըն է, որ ուղղուած է ամբողջ գաղութին եւ յատկապէս երիտասարդներուն:
«Մեզի համար բոլորին ներկայութիւնը ոչ միայն կարեւոր կը նկատենք, այլեւ` պարտականութիւն», նշեցին Լիբանանի երիտասարդական կեդրոնական մարմինի անդամները:
Հարցազրոյցը վարեց` ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

