Լուսարձակ. Քալե՛Նք Հպարտօրէն Եւ Վերանորոգուած

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Ապրիլեան շաբաթ, կազմակերպուած ձեռնարկներու եւ համաժողովրդային ապրումներու տեսականի:

Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումներու շարքին, քայլարշաւի մը հրաւէրը աննախընթաց միջոցառում մը պէտք չէ նկատել, մանաւա՛նդ լիբանանահայութեան համար, որ իր ողջ պատմութեան ընթացքին միշտ ալ ցոյց տուած է օրինակելի կեցուածք եւ ոգեշնչող արտայայտութիւն:

Իրօք, լիբանանահայութիւնը շատ անգամ տարօրինակ բայց անպայման ապշեցնող վճռակամութեամբ ընդառաջած է միասնակամ ըլլալու եւ պահանջատէրի իր կեցուածքով հանրութեան ներկայանալու կանչին, եւ քաղաքական հասունութեամբ ոգեկոչած է մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու յիշատակը: Այս առումով, Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին առիթով կազմակերպուած քայլարշաւը դէպի թրքական դեսպանատուն, բնականաբար, կը զգենու յաւելեալ իմաստ եւ տարողութիւն, որովհետեւ ազգային պահանջատէրի մեր արդար իրաւունքին մէջ, եթէ երբեք որոշակի յաջողութիւններ արձանագրած ենք, տեղատուութիւններու կողքին, ապա, նման առիթներ հարկ է, որ ըլլան զգաստութեան եւ վերանորոգման արտայայտութիւններ,  հաւաքական յիշողութեան ու գիտակցական մակարդակի վերարժեւորման իմաստով եւ ապագայ աշխատանքներու հունաւորման տեսակէտէ:

Այլ ասած, ժողովրդային տարբեր շերտերու մասնակցութեամբ կազմակերպուած իւրաքանչիւր ձեռնարկ, այս պարագային քայլարշաւի նախաձեռնութիւն, հակառակ քաղաքակիրթ եւ օրինակելի ըլլալու իր հրամայականին, կը պարփակէ նաեւ  պոռթկումի, ցասումի, պայքարի կանչի, միահամուռ կեցուածքի դրսեւորումներ: Հոն կ՛ամփոփուին մէկութեան գաղափարականի, արդարութեան ծարաւի, նահատակութեան պատգամին ականջալուր մնալու երդումի, ազատագրուած Արեւմտահայաստան ունենալու երազանքի վճռակամութիւնը: Նման երթեր արտայայտութիւնը կը հանդիսանան թշնամիին դէմ պայքարելու կոչումի, հայրենիքի ու պետութեան հզօրացումի, հայատրոփ արարքներու առաւել ուժեղացումի, դասականացած կարգախօսերէ ձերբազատելու հրաւէրի, ուժի հաւատքի ու թարմութեամբ շէնշող առաջադրանքներու կենսաւորման:

Արդ, դէպի թրքական դեսպանատուն հայոց քայլարշաւի կազմակերպումը խորքին մէջ կ՛ընդգրկէ նաեւ քարոզչական բնոյթ, առհասարակ ամբողջ մարդկութեան ցոյց տալու հայութեան անզիջողի կերպարը, Հայ դատի հանդէպ իր հաւատարմութիւնը, հաւաքական յիշողութեան կառչածութիւնը, անկոտրում կամքի ու հայրենասիրութեան հաւատամքը, բայց մանաւա՛նդ ազգային արժանապատուութեան տէր կանգնելու խոր գիտակցութիւնը:

Այսուամենայնիւ, ապրիլեան խոհերու եւ աշխատանքներու այս խորապատկերին դիմաց, կայանալիք քայլարշաւը իր վեհափառ նշանակութեամբ եւ աշխարհահայեացքով, նաեւ խոկումի պատեհ առիթ պէտք չէ՞ ըլլայ: Հայոց անդաստանի մէջ տիրող կեղծ ու ստապատիր երեւոյթներէ ձերբազատելու, միապաղաղ եւ հնաբոյր մօտեցումներէ հեռանալու, իրաւ ու պայծառ միասնականութեան ակօսները ջրդեղելու շատ դիպուկ քայլ կրնայ ըլլալ անիկա: Քայլարշաւի խորքայնութեան թափանցելով կը տեսնենք, որ անիկա լոկ երթ մը չէ, այլ իրարմով ապրելու եւ հպարտանալու, նորահաս սերունդին հայկականութեան անարատ զգացողութիւնը կենսաւորելու, այո՛, դէպի սրբազան Արարատ լեռ քալելու ամենանուիրական դաստիարակութեան ծիլերը հոգեզինելու լաւագոյն նախաձեռնութիւններէն մին:

Այս բոլորի ընդգծումը կը կատարենք,  որպէսզի թրքական դեսպանատան դիմաց բռունցքացած հոգիները յանձնառութեամբ շարունակեն սրբազան նահատակներու կտակը եւ զազիր թշնամիին փոխանցեն հայոց վճռակամութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES