Պաուշրիէի Հայ Կեդրոնի Բացման Հանդիսութիւն. «Հոն, Ուր Երկու Հայ Կայ, Անպայման Փոքրիկ Հայաստան Մը Կը Ստեղծուի, Եւ Ասիկա Պատասխան Է Ցեղասպան Թուրքին» Յայտարարեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի
Նախագահութեամբ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ակնունի» կոմիտէին ու ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ Պաուշրիէի Հայ կեդրոնի բացման հանդիսութիւնը:
ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղի ատենապետ Լենա Արամ ձեռնարկին բացումը կատարելով ողջունեց ներկաները` շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին, որ ընդառաջեցին այս հրաւէրին ու յատկապէս` այս մասնաճիւղի մնայուն բարերար տէր եւ տիկին Գրիգոր Մարտիկեանի, որոնք իրենց մօր յիշատակին հոգացած են կեդրոնի բացման ծախսերը, եւ առ այդ` այս սրահը կը կոչուի «Սօսի Մարտիկեան» սրահ:
«ԼՕԽ-ի «Արազ» մասնաճիւղը հիմնուած է 1976-ին, սակայն ցարդ մեր ժողովները կը գումարէինք մերթ տուներու մէջ, մերթ շրջանի ակումբներուն մէջ», ընդգծեց Լենա Արամ` յիշելով «Արազ» մասնաճիւղի հիմնադիր ԼՕԽ-ականներէն Մանուկ Տաշոյեանը:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Պարոյր Տէր Ղուկասեան` որ շնորհաւորելով ԼՕԽ-ականները ընդգծեց, որ շրջանի հայութեան անկեղծ զոհաբերութեան ու ճիգերուն եւ լումաներուն շնորհիւ է, որ այսօր կը բացուի Պաուշրիէի Հայ կեդրոնը: «Տարիներու երազ մըն է, որ կ՛իրականանայ այսօր` շնորհիւ ՀՅԴ-ի գործին հաւատացող մեր բարերարներուն: Լիբանանի ՀՅ Դաշնակցութեան ընտանիքին այսօր կը միանայ նոր կեդրոն մը, որ թէեւ փոքր է, սակայն կը մաղթենք ու կը հաւատանք, որ մօտ ատենէն անիկա պիտի ծաւալի եւ ուռճանայ թէ՛ իբրեւ կառոյց ու շէնք եւ թէ՛ իբրեւ կուսակցական, մշակութային եւ ընկերային գործունէութիւն», յայտնեց Պարոյր Տէր Ղուկասեան եւ աւելցուց. «Այս կեդրոնի բացումը կը զուգադիպի կարեւոր թուականի մը` ապրիլ 24-ին, որ 4 օր ետք է միայն, եւ այս մէկը լաւագոյն ապացոյց է, որ թուրքը չէ հասած իր նպատակին եւ թէ հայութիւնը տակաւին ողջ է»:
«Նորաբաց այս կեդրոնը հիմնելով` մենք կը վերանորոգենք մեր համազգային ուխտը, թէ` աւելի վճռական պիտի շարունակենք մեր գործունէութիւնը յանուն հայ արժէքներու պահպանման: Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը, կեցցէ՛ Հայ դատի պաշտպան Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը», ընդգծեց Պարոյր Տէր Ղուկասեան:
Հանդիսութեան նախագահ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով ողջունեց ներկաները` դիտել տալով, որ այս դժուարին օրերուն, երբ տակաւ առ տակաւ ու քիչ-քիչ ընկերներ կը հեռանան մեզմէ, շատեր ալ կը գաղթեն, անդին մեր տուները, ժողովրդայի՛ն տուները կը վերանորոգուին ու կը ծաղկին:
«Այսօր այս կեդրոնը կը հիմնուի յետնորոգութեան, վերջերս ԼՕԽ-ի «Անահիտ» մասնաճիւղի կեդրոնը նորոգուեցաւ ամիս մը առաջ Հայաշէնի մեր ակումբը նորոգուեցաւ, նմանապէս «Սարդարապատ» եւ «Թեհլիրեան» ակումբները, անդին` Ֆանարի Լէյլաւանի, Ատրունի ակումբը եւս նորոգուեցաւ, մօտ օրէն բացումը պիտի կատարուի ՀՅԴ երիտասարդական «Սեդա Դեղարարեան» կեդրոնին, ու այս բոլորը շնորհիւ մեր ազգայիններու անսակարկ զոհաբերութեան, աջակցութեան եւ զօրակցութեան: Կարեւոր չէ, թէ ինչքա՛ն փոքր է այս կեդրոնի տարածութիւնը, կարեւորը այն է, թէ ինչքա՛ն ճիգ ու քրտինք թափուած է անոր իրագործման համար: Մեր կեդրոնները կուսակցական գրասենեակներ չեն: Մեր ակումբները ժողովրդային տուներ են, ուր կը յաճախեն հայ ընտանիքի զաւակները: Պայման չէ, որ մեր կեդրոնները ողողուին դաշնակցական ընկերներով: Մեր ժողովուրդի զաւակները, հայերը թող գան, եւ արդէն ՀՅ Դաշնակցութիւնը իր «գործը» կատարած կ՛ըլլայ: Թրիփոլիէն մինչեւ Այնճար հայութիւն բուրող մեր կեդրոնները մեզ կը յիշեցնեն, թէ ինչպէ՛ս մեր նախորդները փայտ փայտի վրայ դնելով խաչ ու եկեղեցի կերտած են, քար քարի վրայ դնելով դպրոց հիմնած ու ակումբ շինած են: Այլ խօսքով, երբ երկու հայեր քով-քովի գան` անպայման որ փոքրիկ Հայաստան մը կը ստեղծուի, եւ ասիկա պատասխան է թուրքին, ցեղասպանին… Ես կ՛ուզեմ շնորհաւորել մեր ընկեր-ընկերուհիները եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ տէր եւ տիկին Գրիգոր Մարտիկեաններուն, թող անթառամ մնայ անոնց մօր յիշատակը: Իմ մաղթանքս է, որ այս կեդրոնը մօտ ատենէն ծաւալի ու պահանջէ ընդարձակել զայն», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Աւարտին, ձեռնարկը փակուեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի ներկայացուցիչ Օշին քհնյ. Գէորգեանի պահպանիչով:




