ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէ Մեղրեան» Մասնաճիւղ Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակի Ոգեկոչում
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէ Մեղրեան» մասնաճիւղին, երէկ` ուրբաթ, 20 ապրիլ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակի ոգեկոչում:
Քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք ներկաները 1 վայրկեան յոտնկայս յարգեցին Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շահէ Մեղրեան» մասնաճիւղին անունով խօսք առաւ Զատիկ Ունանեան: Ան իր խօսքի առաջին բաժինով ներկաներուն փոխանցեց Ցեղասպանութեան պատմական ընթացքը, թուրքին ծրագիրը, Համաշխարհային Ա. պատերազմը, տեղահանութիւնն ու ջարդը: Ան յայտնեց, որ մեր նախնիները այդ ժամանակ պայքարեցան, տոկացին, դիմացան եւ յաջողեցան մարտունակ հոգին փոխանցել նոր սերունդին:
Խօսելով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի առաքելութեան մասին` Զատիկ Ունանեան ըսաւ, որ ԼԵՄ-ը կը շարունակէ հետապնդել Հայ դատի աշխատանքները եւ պատրաստ է խանգարելու դէմ դնելու թրքական միջամտութիւններուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ: Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով. «Մենք միշտ պատրաստ ենք ցոյց տալու ժողովուրդին, որ հայ երիտասարդութիւնը չէ յանձնուած, ոչ ալ պիտի յանձնուի, մինչեւ որ հասնի իր նպատակին` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին»:
Գեղարուեստական բաժինով Աբիկ Չոլաքեան դաշնակի, իսկ Խաժակ Խաչատուրեան ջութակի վրայ նուագեցին «Կռունկ» եւ «Ծիծեռնակ» երաժշտական կտորները:
Օրուան բանախօսն էր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Աւետիս Կիտանեան:
Ան յայտնեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան թղթածրարը 1915-2012 անցած է տարբեր հանգրուաններ: 24 ապրիլը Հայոց ցեղասպանութեան 50-ամեակէն ետք դադրեցաւ սուգի տօն ըլլալէ, իսկ 70-ականներուն ծայր առաւ զինեալ պայքարը, որ քանդեց լռութեան պատը եւ միջազգային ընտանիքին ցոյց տուաւ, որ հայը չէ մոռցած իր դատը: Անցնելով 80-ական թուականներուն, Կիտանեան յիշեց արցախեան պատերազմը, որ առիթ մըն էր պայքար մղելու մեր հողին վրայ եւ մեր նահատակներուն արիւնով: Յաջորդ հանգրուանը 1991-ին Հայաստանի անկախութեան վերականգնումն էր, իսկ վերջին 20-ամեակին մենք տարբեր մտածելակերպ որդեգրած ենք եւ մեր պայքարը կը մղենք երեք մակարդակներու վրայ` ա.- Հայկական պետականութեան, բ.- Սփիւռքի իրականութեան մակարդակով, իսկ գ.- Թուրքիոյ ներկայ իշխանութեանց վարած քաղաքականութեան լոյսին տակ:
Խօսելով Հայաստանի ներկայ իշխանութեանց վարած քաղաքականութեան մասին` Կիտանեան ըսաւ, որ սփիւռքահայութիւնը 76 տարիներ երազեց Հայաստանի անկախութեան մասին, բայց ան շուտով յուսախաբ եղաւ, որովհետեւ վերանկախացած Հայաստանը չհամապատասխանեց իր տեսլականին եւ իղձերուն, յատկապէս երբ ստորագրեց Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման արձանագրութիւնները: ՀՅԴ-ն եղաւ այդ համաձայնագիրը ձախողութեան մատնող ուժը:
Անդրադառնալով սփիւռքի իրականութեան` Աւետիս Կիտանեան շեշտեց, որ մենք վտանգուած ենք, եթէ Հայոց ցեղասպանութիւնը միայն իւրաքանչիւր տարուան ապրիլ 24-ին յիշենք: Կիտանեան ներկայ վտանգներէն նկատեց օտար ամուսնութիւնները, օտար վարժարաններ յաճախելու երեւոյթը, հայութենէ պարպուելու եւ հայկական դիմագիծը կորսնցնելու պատճառ եղող ազդակները:
Ինչ կը վերաբերի թրքական պետութեան վարած քաղաքականութեան, ան ըսաւ, որ այսօր Լիբանանի մէջ, Թուրքիա բացայայտօրէն ներթափանցումներ կը կատարէ տարբեր մարզերու մէջ` կրթական, մշակութային, քաղաքական եւ տնտեսական: Այստեղ Կիտանեան յիշեց լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններուն սփռած թրքական ֆիլմաշարերը, մշակոյթի կեդրոնի բացումը, թրքերէնը լիբանանեան վարժարաններուն մէջ ուսուցանելու ուղղութեամբ տարուած աշխատանքները:
Իր խօսքի աւարտին Աւետիս Կիտանեան կոչ ուղղեց հայու հաստատ կամքով դիմակայելու այսօրուան մարտահրաւէրները` յայտնելով, որ մեր պատմութեան մէջ նման դէպքեր պատահած են, բայց հայութիւնը միշտ ալ կրցած է յաղթահարել զանոնք: Իր խօսքը ուղղելով ներկաներուն` Կիտանեան ըսաւ, որ մինչեւ 100-ամեակ մենք պէտք է յառաջխաղացք արձանագրենք Հայ դատի լուծման աշխատանքներուն մէջ:
Օրուան խօսքէն ետք ներկաները դիտեցին Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը, որմէ ետք Զատիկ Ունանեան ասմունքեց Սիամանթոյի «Ես երգելով կ՛ուզեմ մեռնիլ» բանաստեղծութիւնը, իսկ մասնաճիւղի պատանիները երգեցին փունջ մը հայրենասիրական երգեր:
Ձեռնարկը փակուեցաւ «Սարդարապատ» յաղթերգով:

