«Էհլան» Ընկերային Կեդրոն. Հայոց Ցեղասպանութեան 97-Ամեակին Նուիրուած Դասախօսական Երեկոյ
Կազմակերպութեամբ «Էհլան» ընկերային կեդրոնին, երէկ` ուրբաթ, 20 ապրիլի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի «Էհլան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 97-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:
Բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Եղիա Աճեմեան: Ան նկատել տուաւ, որ Թուրքիա ներկայիս կը տառապի կարօտախտէ եւ կը փնտռէ իր անցեալը` ժողովուրդներուն խոստանալով արդարութիւն: Աճեմեան կարդաց Հրանդ Տինքի յիշատակին գրուած բանաստեղծութիւն մը, որ չափանիշ կը նկատուի Թուրքիոյ քաղաքականութեան, որ շատ հեռու է արդարութենէ: Ան շեշտեց, որ հայ ժողովուրդի ազգային գիտակցութեամբ եւ անցեալին ունեցած մշակոյթի բարձրութեամբ կրնանք պահել մեր գոյութիւնն ու ազգութիւնը: Ապա ան ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց օրուան բանախօս դոկտ. Արի Թոփուզխանեանի կենսագրական գիծերը, որմէ ետք հրաւիրեց բանախօսը ներկայացնելու «Մեր կորուստները» խորագիրով իր նիւթը: Թոփուզխանեան պատմական ակնարկ մը նետեց Թուրքիոյ գործած ցեղասպանութեան ժամանակաշրջանի մարդկային կորուստներուն վրայ` թուելով անունները գրագէտներու ու բանաստեղծներու եւ հաստատելով, որ թուրքերը շեշտը դրած էին պոլսահայ մտաւորականներու կորուստին վրայ: Ապա Թոփուզխանեան անդրադարձաւ ոչ ֆիզիքական կորուստներու` հաստատելով, որ մենք կորսնցուցինք մեր բնօրրանը, տուները, եկեղեցիները, ոգեղէն արժէք ունեցող յուշարձանները, ճարտարապետական կոթողները եւ այլն:
«Այժմ մեր հայրերուն ոգեղէն հաւատքն ու մեր մայրերուն խօսած լեզուն միակ անձեռնմխելի հարստութիւնը կը հանդիսանան», շեշտեց Թոփուզխանեան` աւելցնելով, որ եթէ կ՛ուզենք մեր նախահայրերուն զոհաբերութեան դիմաց խոնարհիլ, ապա պէտք է հետեւինք իրենց օրինակին` ապրիլ իբրեւ հայ եւ քրիստոնեայ զաւակներ: Եզրափակելով իր խօսքը` բանախօսը կոչ ուղղեց խօսելու միշտ հայոց լեզուով եւ հայկական վարժարան ղրկելու մեր զաւակները, նաեւ հայ քրիստոնեայ տիպերը անարատ պահելու ու փոխանցելու զայն սերունդէ սերունդ, մինչեւ արդար հատուցում գտնուի:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ «Արեան կանչը» թատերական տեսերիզը:

