Լիբանանի Ֆութպոլի Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ռաուտա Տըքուանէ
Լիբանանի ֆութպոլի Դ. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 21 ապրիլին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ կը մրցի Ռաուտա Տըքուանէի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պհամտունի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեցին Ախա Հարեթ Հըրէյքէն, պիտի փորձեն առաւելագոյն երեք կէտը խլել իրենց մրցակիցէն` Բ. հանգրուանի այս մրցումներուն դասաւորման մէջ իրենց դիրքը բարելաւել կարենալու համար:
CATEGORIES Մարզական

