Իսրայէլի Արտաքին Գործոց Նախարարը 23 Ապրիլին Ազրպէյճան Պիտի Այցելէ

Աւիկտոր Լիպըրման

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման ապրիլի վերջաւորութեան Ազրպէյճան պիտի այցելէ: Այցելութեան նպատակը Ազրպէյճան-Իսրայէլ յարաբերութիւններու ամրապնդումն է:

Այցելութեան իբրեւ հաւանական թուական կը նշուի 23 ապրիլը: Լիպըրման պիտի մասնակցի Ազրպէյճանի լեզուաբանական համալսարանին մէջ Իսրայէլի մշակոյթի կեդրոնի բացման արարողութեան:

Այս տարի կը նշուի Ազրպէյճանի եւ Իսրայէլի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 20-ամեակը:

Share this Article
CATEGORIES