ԿՈՉ

Հայոց ցեղասպանութեան արդար հատուցման թէ՛ ազգային եւ թէ՛ համամարդկային պարտաւորեցնող իրականութեան դիմաց, երբ սրբազան պահանջատիրութիւնը 100-ամեակի դարադարձ ուժականութեան զենիթին կը մօտենայ, ամբողջ հայութեան հետ Լիբանանի հայութիւնը ինք եւս, հետզհետէ ուժգին թափ ստացող լարումով տուած է ազդանշանը  բազմակողմանի մակարդակներու վրայ պահանջատիրութիւնը իր վախճանական նպատակին յանգեցնող ձեռնարկներու շղթայազերծման:

Այս առումով, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը կազմակերպած է պահանջատիրութեան ամէնէն խորհրդանշական օրուան` ապրիլ 24-ին, Անթիլիասի կաթողիկոսարանի Մայր տաճարին մէջ մատուցուելիք սուրբ եւ անմահ պատարագէն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ հոգեհանգստեան հանդիսաւոր արարողութենէն ետք բողոքի քայլարշաւ դէպի Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատուն:

Նկատի ունենալով դէպի 100-ամեակ ընթացող վճռակամ պահանջատիրութիւնը,

Նկատի ունենալով այսուհետեւ իւրաքանչիւր ձեռնարկի տալիք մղումը եւ յարաճուն թափը իրերայաջորդ ձեռնարկներուն,

Մենք` լիբանանահայ երեք համայնքներու առաջնորդներս, կոչ կ՛ուղղենք լիբանանահայութեան մեր բոլոր հայորդիներուն, 2012-ի ապրիլ 24-ի օրը դադրեցնելու բոլոր աշխատանքները` փակելով աշխատատեղիները Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, ցուցաբերելով պահանջատիրական միահամուռ եւ յարգանք պարտադրող կեցուածք եւ մասնակցելու Անթիլիասի մայրավանքէն դէպի Ռապիէի թրքական դեսպանատուն ուղղուող բողոքի ցոյցին:

Պահանջատիրութեան երաշխիքը մեր բոլորին հաւաքական ուժականութիւնն է:

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆ
Ատենապետ ՄԱՀԱԵՄ-ի
Կեդրոնական Մարմնի

 ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԵՊՍ. ԹԷՅՐՈՒԶԵԱՆ
Օգնական Եպիսկոպոս Հայ Կաթողիկէ
Պատրիարքութեան

ԳԵՂԱՄ ԱՐՔ. ԽԱՉԵՐԵԱՆ
Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց

 

Share this Article
CATEGORIES